image

«Կարմիր քարտէզ»ի հետքերով. Թրքական թերթը նշուած տարածքները համարած է թրքական

«Կարմիր քարտէզ»ի հետքերով. Թրքական թերթը  նշուած  տարածքները համարած է թրքական

Թրքական մամուլին մէջ կը շարունակեն տարածում գտնել փանթուրքիստական եւ հակառուսական տրամադրութիւնները:

Փրքական «Karar» թերթը վերլուծական հրապարակում կատարած է, ուր ներկայիս Ռուսաստանի Դաշնութեան 10 շրջանները անուանած է թրքական ինքնավար հանրապետութիւններ: 

Ուշագրաւ է, որ նոյն հրպարակման մէջ թրքական ինքնավար մարզ որակուած է Սինցզեան-ոյղուրական ինքնավար շրջանը:

Յիշեցնենք, որ թրքական «Գորշ գայլեր» ծայրայեղական կազմակերպութեան քաղաքական թեւը ներկայացնող «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին նուիրած էր «թրքական աշխարհի» քարտէզը, որ կը ներառէր Ռուսաստանի շարք մը թրքաբնակ շրջաններ: