Նոյեմբերին Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի աշխատակիցները կրկին այցելած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ ձերբակալուած հայերուն:
Այս մասին ԱՊԱ-ին յայտնած է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Ատրպէյճանի ներկայացուցչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովան։
Տեղեկութիւններու համաձայն՝ ապօրինի պահուող հայերու հետ անհատական հանդիպումներ տեղի ունեցած են, պայմաններ ստեղծուած են անոնց ընտանիքներու հետ շփման համար։