image
Հրատապ լուրեր:

Կարեւոր հերքում Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն. «Հայաստան յատուկ ջոկատայիններ չէ ուղարկած Վրաստան»

Կարեւոր հերքում Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն. «Հայաստան յատուկ ջոկատայիններ չէ ուղարկած Վրաստան»

Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը հերքած է վրաստանեան մամուլով տարածուած լուրը, թէ թիֆլիսեան ցոյցերը ցրելու համար Հայաստանի Հանրապետութենէն յատուկ ջոկատայիններ բերուած են Վրաստան։

Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն «Ալիք մետիա»-ին ըսած են, որ տարածուած տեղեկութիւնը կեղծ է եւ որեւէ աղերս չունի իրականութեան հետ.

«Կոչ ենք անում եւ յորդորում ԶԼՄ-ներին զերծ մնալ նմանատիպ ստայօդ տեղեկատւութեան տարածումից, ինչպէս նաեւ չտրուել սադրանքների»։

Վրաստանեան pirvelinews.com լրատուականը՝ յղում ընելով անանուն ցուցարարի, տեղեկութիւն տարածած էր, թէ Հայաստանէն յատուկ ջոկատայիններ կը  բերուին Վրաստան։

«Գայթակղեցուցիչ տեղեկութիւններ կը տարածուին, որ Հայաստանէն յատուկ ջոկատայիններ կը բերուին Վրաստան․ բոլորը ռուսերէն կը խօսին», — pirvelinews.com-ի հաղորդմամբ, ըսած է ցուցարարը՝ նշելով, թէ այդ ռուսերէն խօսակցութիւններէն ձայնագրութիւն ունի։