image

Քեսապը պատառ մը հայրենիք է. Գրեց՝Յակոբ Չոլաքեան

 Քեսապը պատառ մը հայրենիք է.  Գրեց՝Յակոբ Չոլաքեան

Եւ ահա թէ ինչու հասկցողաց համար Քեսապը պատառ մը հայրենիք է։

 

Անհաւատալի կը թուի, որ այս կարասը 2000 տարեկան է։ Գարատուրան գիւղէն Վարդան Գալէմտէրեան կը պատմէ, որ ըստ մօր պատմածին՝ կարասը գտնուած է անոր հայրական՝ Տէր Արթինլէք թաղի արտերուն մէջ, շուրջ 100 տարի առաջ։ Այնտեղ կարասային թաղումներ ալ եղած ըլլալու են դարեր առաջ։ Կաւէ սարքերու բեկորներ կան ամենուրեք։

Կարասը յայտնաբերուած է սալքարէ կափարիչով, յատակին՝ սեւ փոշի մը։ Ան ջնարակուած կարաս է, թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին տեսքով անթերի պահպանուած, հասակը՝ 60 սմ․, կեդրոնի շրջագիծը՝ 173 սմ, բերանը՝ 34 սմ․ տիամեթրով։ 1947-ին Տէր Արթինլէք թաղի բնակիչները հայրենիք կը ներգաղթեն։ Կարասը իր հայրական թաղէն իր տուն կը բերէ Վարդանին մայրը՝ տիկին Եւան, հայրը՝ ուսուցիչ Գաբրիէլ Գալեմտէրեանը կարասը գործածած է գինի մթերելու համար։

Հիմա Վարդանին համար կարասը խօսուն պատմութիւն է իր թաղին ու իր հողին մասին, յիշողութիւններու կարաս է։ Եւ ոչ միայն կարասը։ Ան իր բակը զարդարած է հայրենի գիւղի տարածքէն յայտնաբերուած երկրաբանական իրերով, բրածոներով, կամ մառաններու մէջ լքուած աշխատանքի հին իրերով։ Ծովային կենդանիներու բրածոներ ընդգրկող սա ժայռաբեկորը կռնակին առած բերած է տէ Կասիոսի բարձրադիր մէկ տեղէն, Կարճաւօտի մօտերէն։ Չէ, Վարդան գեղարուեատական իմաստ չի փնտռեր անոնց մէջ, անոնք իր գիւղին, իր թաղին, իր հողին ու հայրենակիցներուն պատմութիւնը կը խօսին, կը բացայայտեն իր ինքնութիւնը, որմէ հեռանալ եւ զայն լքել ինչպէ՞ս կարելի է։

Բայց Վարդանը միակը չէ․ ո՛ր տան բակը մտնես՝ լոյսին մէջ պատմութեան ստուերն ալ կը տեսնես։ Մին հպարտութեամբ կը պատմէ, թէ Տիգրան Մեծի դրամ գտնուած է իրենց գիւղին մէջ, միւսը Լեւոն Մեծագործի մէկ դրամը կը պահէ ամենաթանգակին իրի պէս։ Ու միայն Քեսապի բարբառն է, որ պահած է Արիմներու երկրի հնագոյն առասպելներէն մէկուն մէջ յիշուող վիշապը՝ Արուանտը, վիշապ իմաստով։ Անոր բացած ճամբան ցոյց կու տան ժայռերուն վրայ։ «Մի մօտենաք այդ ջուրերուն,- կ՛ըսէին մեծերը տղոց,- Արուանտը կը պըլլղի ըզձի (Արուանտը կը կլլէ Ձեզ)։

Եւ ահա թէ ինչու հասկցողաց համար Քեսապը պատառ մը հայրենիք է։

Նիւթը՝ Յակոբ Չոլաքեանի դիմատետրի էջէն