image

Կանանց արգիլուած է յաճախել Քապուլի համալսարանը

Կանանց արգիլուած է յաճախել Քապուլի համալսարանը

Քապուլի համալսարանի նոր տնօրէնը, որ նշանակուած է «Թալիպան» արմատական շարժումին կողմէ, յայտնած է, որ կիներուն այժմ կ'արգիլուի դասաւանդել կամ ուսանիլ այդ հաստատութեան մէջ, քանի դեռ չէ հաստատուած «իսկական իսլամական կարգը»:

«Ձեզի կը փոխանցեմ իմ խօսքերս՝ որպէս Քապուլի համալսարանի նախագահ: Մինչեւ բոլորին համար իսկական իսլամական միջավայր չապահովուի, կիներուն չի թոյլատրուիր մուտք գործել կամ աշխատիլ համալսարաններու մէջ: Նախ իսլամը», ըսած է համալսարանի տնօրէն Մուհամմատ Աշրաֆ Կայրաթին:

Աֆղանիստանի հիմնական համալսարանի այս քաղաքականութիւնը համահունչ է 1996-2001 թուականներու ընթացքին թալիպներու կողմէ հաստատուած նախկին կանոններուն, որոնց համաձայն` կիներուն կ'արգիլուէր մտնել հասարակական վայրեր` առանց արական ազգականի ուղեկցութեամբ, կը մերժուէր կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը: