image

Իւրաքանչիւր երկիր պաշտպանական ուժերու իրաւունք ունի. Վրաստանն արձագանգած Ատրպէյճանի բողոքին

Իւրաքանչիւր երկիր պաշտպանական ուժերու իրաւունք ունի. Վրաստանն արձագանգած  Ատրպէյճանի բողոքին

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլին մեկնաբանած է Վրաստանի տարածքով ֆրանսական զրահամեքենայի մատակարարումը Հայաստան։ Վրաստանի Հանրային հեռուստաալիքի «Ազատ հայեացք» հաղորդաշարի հաղորդավարը նշած է, որ Վրաստանի տարածքով Ֆրանսայէն Հայաստան զրահամեքենաներ մատակարարելու մասին տեղեկութիւն տարածուած է ատրպէյճանական, այնուհետեւ վրացական լրատուամիջոցներու մէջ, եւ նախարարին հարցուցած է, թէ արդեօք այդ կ՚ազդէ պաշտօնական Թիֆլիսի՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ իրականացուող միջնորդական ջանքերու վրայ:

Նախարարը նշած է, որ Թիֆլիսը երկու երկրին ալ հնարաւորութիւն կու տայ հաւասար պայմաններով օգտուելու Վրաստանի տարանցիկ գործառոյթէն։

«Վրաստանը երկու երկրին ալ հնարավորութիւն կու տայ հաւասար պայմաններու մէջ օգտուելու մեր երկրի տարանցիկ գործառոյթէն: Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ սա հաւասար մրցակցային դաշտի մէջ է։ Իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի ունենալու պաշտպանական ուժ, իսկ երբ խօսքը կը վերաբերի սովորական սարքերու կամ միջազգային պայմանագրերով թոյլատրուած զինատեսակներու, որեւէ երկիր իրաւունք ունի ձեռք բերելու այն։ Վրաստանի դիրքորոշումն այն է, որ երկու երկրին ալ հնարաւորութիւն ընձեռուի հաւասար պայմաններու մէջ օգտուելու տարանցիկ գործառոյթէն, որ ունի մեր երկիրը։ Ըստ այդմ, սա է մեր պատասխանն այս հարցի վերաբերեալ, եւ այդ հարցով անհարկի ակնարկներն անտեղի են»,-ըսած  է Տարչիաշվիլին։