Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կանոնաւոր կ՚օգտագործէր իր ամենահզօր ռումբերը Կազայի պատերազմի ժամանակ այն շրջաններուն մէջ, որոնք, իր կարծիքով, անվտանգ էին խաղաղ բնակիչներու համար: Այս եզրակացութեան յանգած է The New York Times-ը՝ հիմնուելով պատերազմի առաջին վեց շաբաթներուն առնուած լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու ուսումնասիրութեան վրայ։
The New York Times-ը Կազայի հատուածի հարաւին մէջ, ուր Իսրայէլը հրամայած է խաղաղ բնակիչները տարհանել պատերազմի սկիզբէն ի վեր, յայտնաբերած է մօտ 12 մեթր տրամագիծով առնուազն 208 խառնարան, որոնք կրնային բացուիլ միայն մօտ 900 քիլոկրամ (2000 ֆունտ) կշռող հզօր ռումբերով, նշած է NYT-ը:
Պարբերականի հետաքննութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ 2000 ֆունտ կշռող ռումբերը լայնածաւալ վտանգ կը ներկայացնեն Կազայի հարաւին մէջ ապաստան գտած խաղաղ բնակիչներու համար: Երբ նման ռումբը կը պայթի, այն կ՚արձակէ պայթումի ալիք, որ հազարաւոր ոտնաչափ թռչող մետաղական բեկորներ կը ցրէ բոլոր ուղղութիւններով, նշած է New York Times-ը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը The New York Times-ին յայտնած է, որ Իսրայէլի առաջնահերթութիւնը ՀԱՄԱՍ-ի ոչնչացումն է, եւ «նման բնոյթի հարցերը պիտի ուսումնասիրուին հետագայ փուլին»։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակէն յայտնած են, որ միջոցներ պիտի ձեռնարկուին խաղաղ բնակչութեան հասցուած վնասը նուազցնելու համար:
Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր, ըստ ինքնավարութեան առողջապահութեան նախարարութեան, որ հաշուետու է ՀԱՄԱՍ-ին, աւելի քան 20 հազար մարդ զոհուած է։ ՄԱԿ-ը եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները յայտարարած են, որ իրականութեան մօտ կը համարեն պաղեստինեան կողմի գնահատականները։