image

Իսրայէլի ուժը եւ մեր «կրաւորականութիւն»ը...

 Իսրայէլի ուժը  եւ մեր «կրաւորականութիւն»ը...

Իսրայէլ պետութիւնը  դադար չունի։  Երբ մենք  մշիկ-մշիկ կը քնանայինք իսրայէլեան օդուժը  հարուածներ տուած է Սուրիոյ՝ Հոմս քաղաքի մի քանի   ռազմական կէտերու։«Ռազմական  կէտեր»   խօսքին վերաբերեալ   յաւելեալ մանրամասնութիւններ չկան, սակայն   մեծ    հեռատեսութիւն չի   պահանջուիր,  ենթադրելու համար,  որ  իսրայէլեան   գեր-արդիական  օդուժին թիրախները  եղած  պէտք է ըլլան, ոչ թէ  սուրիական բանակի  դիրքերը, այլ    Սուրիա   տեղակայուած  եւ «խիստ կարեւոր»  առաքելութիւն իրականացնող   զօրահրամանատարութեան կարգ մը «նուրբ»  կէտերը։

Այդ  «նուրբ կէտեր»ն են  նաեւ,  որ   Թեհրան-Պաղտատ-Դամասկոս  կամ  Հալէպ ու Հոմս   «ճանապարհ»ը  կ՚ապահովեն։  Խօսքը յատկապէս     իրանեան  պալիսթեան հրթիռներ  կամ   հրթիռային մասեր դէպի հարաւային Պէյրութ  փոխադրող ճանապարհին մասին է,  որ  մասնաւորապէս  Սուրիոյ  պատերազմի   մեղմացումէն ասդին    հիմնական առանցքը դարձաւ  իսրայէլեան  արտաքին հետախուզութեան՝ «Մոսատ»ին։

 

  Եւ  այս բոլորը կը կատարուին արար-աշխարհի  հայացքներուն ներքոյ   ունենալով մէկ հիմական նպատակ, որն է  թուլացնել  «Հըզպալլա»ի  ռազմական   կարողութիւնները  եւ խոցելի դարձնել  անոր  պալիսթեան  հրթիռներու    զինանոցը։

 

  Անշուշտ   այս թեման ռազմագէտներու   հետաքրքրութեան   առանց  հանդիսացող  թեմա է ու  աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, եթէ    անոնք՝ ռազմագէտները  խօսին ու քննարկեն այդ մէկը։ 

Բայց այնուամենայնիւ հզօր  պետութիւնները   քուն ու դադար  չունին ու անկասկած անոնցմէ է Իսրայէլ տէրութիւնը, որ  հակառակ իր ներքին  հազար ու մէկ հարցերուն կը շարունակէ  իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել «Հըզպալլա»ի   «հրթիռային կարողականութիւն»ը։

 

  Հզօր պետութիւնները միայն այս կերպ կրնան գործել։ Ի հեճուկս ամէն տեսակի  արգելքներու  ճամբան  հարթելով  բոլոր այն վտանգներուն, որոնք կրնան «ծնիլ» իրենց շրջապատին մէջ։

 Սա  անշուշտ   չպէտք է թարգմանել, որ այս տողերը գրողը  չի դատապարտեր  Իսրայէլի կատարածները, բայց իրաւացի փաստ է, որ այսօրուայ  աշխարհին մէջ  կան  երկու միջոցներ   ապրելու համար, աւելի կան  երկու միջոցներ  ուժեղ պահելու   համար    ուժի հիմքով  կայացած եւ    պայքարունակ  համակարգ-պետութիւնները։

 Կամ ուժով, իսկ եթէ  այդ ուժը  չկայ, կայ ՝ դիւանագիտութիւնը։

 Իսրայէլը ընտրած է  առաջին ճանապարհը եւ   այդ մէկը  շատ բան   պէտք է  ըսէ   յատկապէս  մեզի՝ հայերուս ու Հայաստանին։  Ճիշդ է, որ մենք բարդ  դրութեան մէջ ենք հիմա, բայց աւելի  վատն այն է, որ մենք  (հաւաքապէս)  անկեղծ չենք։

 Մենք նպատակ մը  չենք  դրած մեր առջեւ, զբաղ ենք ներքին  խլրտումներով դաւաճաններ եւ հայրենասէրներ  «ճարել»ով,    իսկ միւս կողմէ մեր ժամանակը կը սպառի։

 Մենք   լուրջ որոշում  առնելու հարց ունինք։ 

 Կամ կ՚ունենանք   հզօր  երկիր ու պետականութիւն կամ կը դառնանք  ածանց։  Ու շատ յստակօրէն  հասկնալի է, որ  այս տարածաշրջանը    այլեւս ռուսներունը  պիտի չըլլայ...։

 Մենք  եթէ  չունինք  ուժ, պարտաւոր ենք   ճիշդ հասկնալ  իրավիճակը եւ ըստ  այնմ  վարուիլ։

 Մնացածը  անկարեւոր եւ  խոցող  մանրամասնութիւններ են եւ համատարած  կորուստ։

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...