image

Իսրայէլի իշխանութիւնը խոստովանած է` Կազայի 2,3 մլն բնակիչներ Եգիպտոս տանելու ծրագիր կայ

Իսրայէլի իշխանութիւնը խոստովանած է` Կազայի 2,3 մլն բնակիչներ Եգիպտոս տանելու ծրագիր կայ

Իսրայէլի իշխանութիւնը ընդունած է Կազայի հատուածի 2,3 միլիոն բնակիչներ Եգիպտոս վերաբնակեցնելու հետախուզութեան ծրագրի գոյութիւնը: Տեղեկութիւնը յայտնած է Associated Press գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակին:

«Իսրայէլը խոստովանած է, որ նախարարութիւններէն մէկը կազմած է... Կազայի հատուածի 2,3 միլիոն բնակիչները Եգիպտոս՝ Սինայի թերակղզի տեղափոխելու առաջարկ», -յայտնած է գործակալութիւնը:

Փաստաթուղթը թուագրուած է հոկտեմբեր 13-ով, բայց միայն հիմա յայտնուած է իսրայէլեան լրատուամիջոցներու մէջ։

Գործակալութիւնը հաղորդած է, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը հետախուզութեան նախարարութեան փաստաթուղթին վերաբերած է որպէս վարկածային ծրագիր: Իսրայէլցի պաշտօնեայի խօսքով՝ փաստաթուղթի վերաբերեալ անվտանգութեան ծառայութիւններու հետ առարկայական քննարկումներ չեն եղած:

Associated Press-ի տուեալներով՝ ծրագիրը նաեւ կը բացառէ Կազայի հատուածի փոխանցումը պաղեստինեան վարչակազմի վերահսկողութեան կամ անկլաւի մէջ նոր կառավարութեան ստեղծման աջակցիլը:

Գործակալութիւնը նշած է, որ նման փաստաթուղթի առկայութիւնը դժգոհութիւն առաջացուցած է Պաղեստինի մէջ: Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասի պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ իշխանութիւնը դէմ է Կազայի հատուածի բնակչութեան տեղաշարժին`ուր ալ որ ըլլայ, եւ ծրագիրն անուանած է կարմիր գիծ, որ թոյլ չեն տար հատել:

Աւելի վաղ Financial Times թերթը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ Նաթանիահուն փորձած է համոզել Եւրոպայի երկիրներու ղեկավարներուն ճնշում գործադրել Եգիպտոսի վրայ, որ վերջինս Կազայի հատուածէն փախստականներ ընդունի: Պարբերականի տեղեկութիւններով՝ ի պատասխան Արեւմուտքի ճնշումներու՝ Եգիպտոսէն սպառնացած են Կազայէն փախստականները Եւրոպական Միութեան երկիրներ ուղարկել։