image

Իսրայէլ սպանդ մը կատարած է Լիբանանեան Հարաւի մէջ. Կան 7 զոհեր

  Իսրայէլ սպանդ մը կատարած է Լիբանանեան Հարաւի մէջ. Կան 7 զոհեր

Այսօր առաւօտեան վաղ ժամերուն Իսրայէլ սպանդ մը կատարած է Լիբանանեան հարաւային շրջանին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան ԶԼՄ-ներէ։

Կը նշուի, որ Իսրայէլ թիրախ դարձուցած «Ալ Հըպարիյէ» գաւառակին մէջ գտնուող «Իսլամական բուժօգնութեան» կեդրոն մը, որուն հետեւանքով ալ գրանցուած են զոհեր։

ԱԻՆ մարմիններ դէպքի վայր հասնելով աւելի քան երկու ժամ գործած են, մաքրելու համար աւերակուած շէնքին փլատակները, եւ աւելի ուշ պարզուած է, որ զոհուած են 7 անձեր։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ զոհուածներուն մեծ մասը կեդրոնին մէջ գործող կամաւորներ են։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ անցեալ հոկտեմբերին ընթացք առած ռազմական լարումներէն ասդին, այս մէկը կը համարուի Իսրայէլի կողմէ Լիբանանին տրուած մեծագոյն հարուածը։

 Իրավիճակը Լիբանան-Իսրայէ սահմանին կը շարունակէ մնալ լարուած։