image

«Իշխանափոխութիւնը խորհրդարանին մէջ». Ա. Վանեցեան

«Իշխանափոխութիւնը խորհրդարանին մէջ». Ա. Վանեցեան

Ընդդիմութիւնը ունի գործողութիւններու յստակ ծրագիր: Այս մասին յայտարարեց «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Վանեցեանը, որ արդէն երրորդ օրն է Ազատութեան հրապարակին մէջ բողոքի շարժում կ'իրականացնէ:

«Որոշ ժամանակ անց դուք ամէնօրեայ ռեժիմով կը տեսնէք այս եւ այլ գործողութիւնների զարգացումը», խոստացաւ ան` յաւելելով, որ եթէ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունենայ, մենք կարճ ժամանակի մէջ պիտի հասնինք արդիւնքի եւ վերջնական նպատակին` հզօր Հայաստան ու Արցախ, տարածքային ամբողջականութեան պահպանում, քաղաքացիներու բարեկեցիկ կեանք:

«Սա պայքար է յանուն հայութեան, յանուն Արցախի եւ Հայաստանի, ոչ թէ յանուն իշխանութեան: Բայց միջանկեալ խնդիրն այս իշխանութիւններին հեռացնելն է: Ինչ վերաբերում է մանտաթները վայր դնելու հարցին, համարէք, որ մենք դրել ենք, մենք այստեղ ենք` ժողովրդի հետ, երկրի վրայ», նկատեց Վանեցեանը: Իր մասին ան նշած է, որ չի գիտեր ալ ինչի մասին խօսի խորհրդարանին մէջ, ուր հնարաւոր կը համարեն, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ըլլայ: «Մանտաթը վայր դնելը տեխնիկական խնդիր է: Բայց իշխանափոխութիւնը խորհրդարանում տեղի կ'ունենայ փողոցի ճնշման տակ: Եւ մեզ մեր մանտաթները պէտք կը գան` գործը մինչեւ վերջ հասցնելու համար», ըսաւ Վանեցեան: