image

Իրանը թոյլ չի տար փակել Հայաստանը Իրանին կապող իր պատմական ճանապարհը. Այդ մասին ակնարկած է նախարար Ապտոլլահեան

Իրանը թոյլ չի տար փակել Հայաստանը Իրանին կապող իր պատմական ճանապարհը. Այդ մասին ակնարկած է նախարար Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլահեանը իրանական արաբալեզու Al-Wefaq թերթին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ Իրանը թոյլ չի տար սահմանափակել կամ փակել այս տարածաշրջանին մէջ իր պատմական ճանապարհը, որ Իրանը կը կապէ Հայաստանի հետ, յայտնած է ԻՐՆԱ-ն։

Այսկերպ ան մեկնաբանած է «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին հարցը։

«Դիմադրութեան առանցքի» աջակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սկզբունքային քաղաքականութիւն է, եւ Թեհրանը կը ձգտի իր ներդրումն ունենալ տարածաշրջանային կայունութեան  ու անվտանգութեան գործին մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ապտոլլահեան։

Հարցազրոյցին ան նշած է նաեւ, որ թէեւ Իրանը կը համագործակցի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երկիրներու հետ՝ պաշտպանելու իր ազգային շահերը, սակայն կը վարէ «ոչ Արեւելքի, ոչ Արեւմուտքի» քաղաքականութիւն՝ իր անկախութիւնը պահպանելու համար։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը «Դիմադրութեան առանցքը» անուանած է արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն կողմերէն մէկը։

Ամիր Ապտոլլահեանը նշած է, որ որոշ արաբական երկիրներ կարգաւորած են իրենց յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, սակայն այս քայլը ստիպած է ռեժիմին անտեսել այդ երկիրներու ինքնիշխանութիւնը։

«Մեր անվտանգութեան մարմիններու տրամադրութեան տակ մանրամասն փաստաթուղթեր կան այն մասին, որ սիոնիստական ​​ռեժիմը կ'անտեսէ այդ երկիրներու ինքնիշխանութիւնը եւ առանց անոնց իմացութեան գործողութիւններ կը ձեռնարկէ տարածաշրջանի անվտանգութեան դէմ»,-ըսած է ան։

«Ուստի կարծելը, թէ սիոնիստական ​​ռեժիմի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը օգուտ կը բերէ իսլամական աշխարհին եւ տարածաշրջանի երկիրներուն, հեռու է իրականութենէն»,-աւելցուցած է իրանցի նախարարը։

Ամիր Ապտոլլահեանը յստակ հասկցուցած է, որ եթէ նոյնիսկ օր մը բոլոր արաբական եւ իսլամական երկիրները փորձեն կարգաւորել իրենց յարաբերութիւնները «կեղծ եւ թշնամական սիոնիստական ​​ռեժիմի» հետ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չի հրաժարիր տարածաշրջանի մէջ դիմադրութիւնը պաշտպանելու իր սկզբունքէն:

««Դիմադրութեան առանցքին» աջակցիլը՝ կը նշանակէ երաշխաւորել այն տարածաշրջանը, ուր մենք՝ որպէս Իրան, կ'ապրինք»,-ըսած է ան։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարն իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է նաեւ Սուրիոյ խնդրին։ Ան յայտարարած է, որ արաբական երկիրներու, իսլամական պետութիւններու տարածաշրջանի ղեկավարները լաւ կը հասկնան Սուրիոյ դիրքորոշումը։

«Սուրիան այն երկիրը չէ, որուն կարելի է դուրս թողել տարածաշրջանային հաւասարումներէն»,- ընդգծած է Ամիր Ապտոլլահեանը։

«Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համատեղ սահմաններու անվտանգութեան հարցի վերաբերեալ Ամիր Ապտոլլահեանն ըսած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները թուրք եղբայրներու հետ՝ ուղիներ գտնելու ե՛ւ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները լուծելու, ե՛ւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար»,- տեղեկացուցած է լրատուամիջոցը։