Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յայտարարած է, որ Իրանի շահերու դէմ որեւէ գործողութիւն պիտի հանդիպի ցաւոտ պատասխանի։ Իրանի նախագահն այդ մասին ըսած է Քաթարի էմիր, շէյխ Թամիմ պըն Համատ երկրորդի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին։
Իրանի նախագահի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Ռայիսին նշած է, որ Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան հասցուած օդային հարուածի համար Իսրայէլը պատժելու գործողութիւնը Իրանը իրականացուցած է յաջողութեամբ։
Իրանի նախագահն ըսած է, որ Իրանի շահերու դէմ ամենաչնչին գործողութիւնն անգամ պիտի արժանանայ ցաւոտ պատասխանի։
Իրանի նախագահի խօսքով՝ Թեհրանը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածով նախատեսուած ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին համապատասխան գրոհած է այն կեդրոններու վրայ, ուր չարամիտ գործողութիւններ կատարուած են Իսլամական Հանրապետութեան դէմ: