Սուրիոյ նախագահ Ասատ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճիի հետ հանդիպման ըսած է․ «Բոլոր տեսակի բռնագրաւման, յարձակման եւ զանգուածային սպաննութիւններու դէմ դիմադրութիւնը օրինական իրաւունք է եւ վաւեր, եթէ այդ դիմադրութիւնը կ'աջակցուի ժողովուրդի կողմէն ու կը հաւատայ նման իրաւունքի:
Տարածաշրջանի ժողովուրդներու եւ երկիրներու ինքնիշխանութեան դէմ Իսրայէլի բազմիցս յարձակումներուն Իրանի պատասխանը հզօր պատասխան էր եւ դաս տուաւ Սիոնիստական ռեժիմին, որ դիմադրութեան առանցքը ի վիճակի է զսպելու թշնամին ու ոչնչացնելու անոր ծրագիրները»։
Ասատի խօսքով՝ Իսրայէլը դիմակայելու միակ ճանապարհը «սպաննութիւններու եւ անմեղ մարդոց արիւնը թափելու յանցագործութիւնները դադրեցնելն է եւ շրջանի բնակիչներու օրինական իրաւունքները վերականգնելը»։