Իրանն ու Ռուսիան պայմանաւորուած են արագցնել նաւթակազային ոլորտի մէջ նախագիծերու իրականացումը, Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը։
Ռուսիոյ ղեկավարի հետ Աշխապատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Իրանի նախագահը Ռուսիոյ կոչ ըրած է աւելի աշխուժ դիմադրելու Իսրայէլի գործողութիւններուն, որոնք կը յանգեցնեն Լիբանանի եւ Կազայի հատուածի խաղաղ բնակիչներու զանգուածային մահերու։
«Մենք քննարկեր ենք տարածաշրջանային հարցեր, մասնաւորապէս այն, որ Ռուսիան պէտք է աւելի աշխուժ դեր խաղայ այն յանցանքներու պայմաններուն մէջ, որ կ՚իրագործէ սիոնիստական ռեժիմը՝ Իսրայէլը, Լիբանանի եւ Կազայի հատուածին մէջ՝ կանանց եւ երեխաներու դէմ»,- ըսած է Իրանի նախագահը։