image

Իրանի միջուկային ծրագրին դէմ ռազմական ծրագիր է անհրաժեշտ. Իսրայէլի ԱԳ նախարարութիւն

Իրանի միջուկային ծրագրին դէմ  ռազմական ծրագիր է անհրաժեշտ. Իսրայէլի ԱԳ նախարարութիւն

Իսրայէլը նախազգուշացուցած է, որ Իրանը միջուկային զէնք ստեղծելէ ետ պահելու համար «ռազմական տարբերակ» կրնայ պահանջուիլ. երկիրն օգնութիւն կը խնդրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն՝ Իրանի նկատմամբ ճնշում գործադրելու համար, ըսած է արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարը։

Պրիւքսելի մէջ POLITICO-ի հետ զրոյցին Սաարն ընդգծած է, որ ժամանակը կը սպառի, քանի որ Իրանը բաւականաչափ ուրան հարստացուցած է «քանի մը ռումբ ստեղծելու» համար եւ միջոցներ կ՚որոնէ՝ իր հարստացուած միջուկային նիւթը սպառազինութեան վերածելու համար: Իսկ այդ, ըստ իսրայէլացի պաշտօնեայի, ահռելի ապակայունացնող ազդեցութիւն պիտի ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի վրայ:

«Ուստի մենք շատ ժամանակ չունինք»,-ըսած է ան։ Սաարի խօսքով՝ թէեւ Իսրայէլը կ՚ուզէ դիւանագիտական ​​ճանապարհով առաջ շարժիլ, սակայն նման մօտեցման յաջողութեան հնարաւորութիւնները «մեծ չեն»: Ըստ Իսրայէլի Արտաքին գործոց  նախարարի՝ Իրանի միջուկային ծրագրի դադրեցման ձախողումը «աղէտ պիտի ըլլայ Իսրայէլի անվտանգութեան համար»:

«Կը կարծեմ՝ Իրանի միջուկային ծրագրի՝ նախքան ատոր սպառազինութեան վերածուիլը, կասեցման նպատակով յուսալի ռազմական տարբերակը պէտք է սեղանին դրուի»,-ըսած է ան՝ պատասխանելով Թրամփի նախագահութեան օրօք հարուածներու հնարաւորութեան մասին հարցին։ Այդ չկատարելու պարագային «միջուկային մրցավազք պիտի սկսի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ հետ», աւելցուցած է ան: 

Սաարի մեկնաբանութիւնները կը համընկնին վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի խոստման հետ՝ Թրամփի օգնութեամբ «աւարտելու գործը»՝ ձախողելու Իրանի միջուկային յաւակնութիւնները:

Թրամփն ըսած էր, որ կը նախընտրէ գործարք կնքել Իրանի հետ, այլ ոչ թէ «ռմբակոծել», սակայն անվտանգութեան հարցերով անոր գլխաւոր խորհրդական Մայք Ուոլցը վերջերս շեշտած էր, որ «բոլոր տարբերակները» կը մնան սեղանին։