image

Իրանի մէջ. Բոլոր թռիչքները չեղեալ համարուեցան

Իրանի մէջ. Բոլոր թռիչքները չեղեալ համարուեցան

Հաշուի առնելով տարածաշրջանի իրավիճակը եւ թռիչքներու անվտանգութեան ապահովման նպատակով, Իրանը երկրի ամբողջ տարածքին բոլոր թռիչքները չեղեալ յայտարարուած է մինչեւ վաղը՝ տեղական ժամանակով մինչեւ 17:00-ը։

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Իրանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կազմակերպութիւնը:

Tasnim լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ սա տեղի ունեցած է Թեհրանի կողմէ Իսրայէլի ուղղութեամբ առնուազն 180 հրթիռ արձակելէն մէկ օր անց:

Նշենք, որ Իրանի երէկուան յարձակումէն ետք Իսրայէլի «Պեն Կուրիոն» օդակայանն անցած գիշեր որոշ ժամանակով փակուած էր, իսկ Իսրայէլի ընդհանուր օդային տարածքը փակուած էր մէկ ժամէն աւելի: