image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի դէմ առկայ պատժամիջոցներէն մաս մը պիտի չեղարկուի

Իրանի  դէմ առկայ  պատժամիջոցներէն մաս մը պիտի չեղարկուի

ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը վերականգնած է Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկումը, ինչ որ թոյլ կու տայ երկրին շարունակել միջազգային միջուկային համագործակցութեան նախագիծերը:

Ըստ Reuters գործակալութեան, ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները այս որոշումը կայացուցած են, երբ իրանա-ամերիկեան բանակցութիւնները 2015-ի միջուկային գործարքի վերականգնման շուրջ կը թեւակոխեն վերջնական փուլ:

Հաղորդուած է, որ պատժամիջոցներու մեղմացումը թոյլ կու տայ, որ ռուսական, չինական եւ եւրոպական ընկերութիւնները աշխատին զէնքի չտարածման ուղղութեամբ, որպէսզի զգալիօրէն բարդանայ իրանական միջուկային կառոյցներու օգտագործումը զէնքի զարգացման գործին մէջ:

ԱՄՆ պատժամիջոցներու վերացումը չեղեալ համարած էր 2020-ի Մայիսին՝ միակողմանիօրէն դուրս գալով միջուկային գործարքէն: Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի վերականգնման շուրջ բանակցութիւնները Վիեննայի մէջ վերսկսուած են 2021-ի Նոյեմբերին: