Զօրավարժութիւններու ընթացքին Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ցամաքային ուժերը ատրպէյճանական զօրքերու քիթի տակ հատած են Արաքս գետի իրանեան կողմը, յայտնած է Tasnim-ը։
Նշուած է, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանին Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի զօրավարժութիւնները աննախադէպ եղած են, քանի որ զօրավարժութիւններու ընթացքին Իրանի զինուած ուժերը հատած են սահմանագիծը։
Զօրավարժութեան ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլ Լահիանը բացած է Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Հայաստանի Կապան քաղաքին մէջ։ Քաղաքով կ'անցնի Գրիս-Կապան ռազմավարական երթուղին։ Սա Իրանը Եւրոպայի հետ կապող կարեւորագոյն առեւտրային ուղիներէն է։
Tasnim-ը գրած է, որ Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը եւ զօրավարժութիւնները Իրանի ներկայիս վարչակազմի դիւանագիտութեան եւ դաշտային գործողութիւններու համակարգուած քաղաքականութեան օրինակ են։ Ըստ լրատուական գործակալութեան՝ այս խոհեմ քաղաքականութիւնը կրնայ աւելի նպաստել Իրանի ազգային շահերուն ու անվտանգութեան։
Իրան կտրականապէս դէմ է որեւէ երկրի՝ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութիւնը փոխելու ցանկացած քայլի կամ տարածաշրջանային սահմաններու փոփոխութեան։