image

Իրան պատասխան կը պահանջէ Քիեւէն

Իրան պատասխան կը պահանջէ Քիեւէն

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քիեւէն պատասխան պահանջած է Զելենսքիի գրասենեակի խորհրդականի խօսքերու պատճառով:

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասեր Քանաանին Քիեւէն պատասխան պահանջած է Վլատիմիր Զելենսքիի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլիաքի ակնարկներու առնչութեամբ՝ Սպահանի մէջ ռազմական կառոյցի վրայ անօդաչու սարքերու յարձակման Քիեւի հնարաւոր մասնակցութեան մասին։

Աւելի վաղ Փոտոլիաքն իր Twitter-ի էջին գրած էր, որ Սպահանի մէջ Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան կառոյցի վրայ անօդաչու սարքի յարձակումը եւ Ազարշահրի գործարանին մէջ պայթումը կրնան կապուած ըլլալ ուքրանական իրադարձութիւններու եւ Իրանի կողմէ Ռուսիոյ ենթադրեալ օգնութեան հետ՝ գրելով, որ «Ուքրանիան ձեզ զգուշացուցած է»։

«Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը դատապարտած է Ուքրանիոյ նախագահի խորհրդականի թշնամական եւ սադրիչ դիրքորոշումը, կասկածելի անուանած է Սպահանի ռազմական համալիրի դէմ վերջին աւերիչ գործողութեան վերաբերեալ անոր յայտարարութիւնները եւ պահանջած է ուքրանական կողմէն յստակ պարզաբանում այս հարցով»,- ըսուած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։