image

ԱՄՆ Քիեւէն յստակ ռազմավարութիւն պահանջեց

ԱՄՆ Քիեւէն յստակ ռազմավարութիւն պահանջեց

Ամերիկացի քոնկրեսականները Քիեւէն յստակ ռազմավարութիւն կ՚ակնկալեն՝ օգնութեան յաջորդ փաթեթը հաստատելու համար։ Այս մասին Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Մայք Ճոնսըն, գրած է «ՌԻԱ Նովոսթիօն։

«Մեզի անհրաժեշտ է յստակ ձեւակերպուած ռազմավարութիւն, որ թոյլ կու տայ Ուքրանիոյ յաղթել, եւ մինչ այժմ պատասխանները բաւարար չեն եղած։ Մեզի չեն տրուած այն յստակութիւնն ու մանրամասնութիւնները, որ մենք կրկին ու կրկին խնդրած ենք», -ըսած է ան լրագրողներու հետ զրոյցին։

Աւելի վաղ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խօսնակ Ճոն Քըրպին յայտարարած է, որ ամերիկեան վարչակազմն ունի միջոցներ ընդամէնը «քանի մը շաբթուան» եւ Ուքրանիոյ համար նախատեսուած ռազմական օգնութեան երկու փաթեթի համար։