image

Իրան կը հերքէ, որ Ռուսիոյ զինամթերք վաճառած է

Իրան կը հերքէ, որ Ռուսիոյ զինամթերք վաճառած  է

Ռուսիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներուն իբր իրանական սպառազինութեան փոխանցման մասին հաղորդագրութիւնները սուտ են, անոնք եղած են թաքցնելու Արեւմուտքի կողմէ Իսրայէլին զէնքի ապօրինի մատակարարումները:

Այս մասին X-ի իր էջին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանանի։

«Որոշ երրորդ երկիրներու իրանական զէնքի փոխանցման մասին կեղծ եւ ապակողմնորոշիչ հաղորդագրութիւնները քարոզչութիւն են, որ անհրաժեշտ է Արեւմուտքի կողմէ թաքցնելու համար Իսրայէլի անօրինական աջակցութիւնը»,- գրած է նախարարութեան ներկայացուցիչը:

Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ Ռուսիա Իրանէն պալեսթեան հրթիռներ ստացած է եւ  Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներ կը սահմանեն։