Օտար երկիրները պէտք չէ միջամտեն տարածաշրջանային խնդիրներուն. այս մասին, Mehr գործակալութեան հաղորդմամբ, Պաքուի մէջ յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը Միլի Մեճլիսի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպման։
Ան ընդգծած է, որ Իրանի քաղաքականութիւնը բոլոր հարեւան երկիրներու հետ համակողմանի յարաբերութիւններու զարգացումն է։
«Մենք չենք ընդունիր տարածաշրջանի մէջ օտար ուժերու որեւէ միջամտութիւն, եւ տարածաշրջանի խնդիրները պէտք է լուծուին տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ: Հարցերը կրնան առաջ մղուիլ «3+3» ձեւաչափով հարթակի շրջածիրէն ներս հանդիպումներու մակարդակով եւ օգնել տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման», -ըսած է Ղալիպաֆը։