image

«Ինծի համար ճարտարապետութիւնը ստեղծել է».Պոլսահայ Բարինի մեծ վերադարձի պատմութիւնը

«Ինծի համար ճարտարապետութիւնը ստեղծել է».Պոլսահայ Բարինի  մեծ վերադարձի պատմութիւնը

«Ես կ'ուզեմ օգուակար ըլլալ հայրենիքիս. 4 տարի եղաւ արդէն հաստատուած եմ Երեւան. Կ'աշխատիմ որպէս ճարտարապետ՝ ներքին ճարտարապետութիւն եւ կահաւորում, ինչ որ աղջկայ գործ չէ Հայաստանի մէջ։ Գործնական տեսանկիւնէն խօսելով ՝ կին մը ըլլալով շինարարական ոլորտին մէջ աշխատիլ, նամանաւանդ, երբ գծագիրները կու տամ եւ տղամարդոց կը թելադրեմ, թէ ինչ պիտի ընեն, անոնք խորհուրդ չեն ընդունիր ուրիշէն։ Հայաստանը կովկասեան եւ արեւելեան մտածելակերպի պատճառով ունի ճնշուած կնոջ կերպար, առաւել տարիքս փոքր ըլլալուն՝ քիչ մը դժուար է աշխատանքիս առումով»։ 

«Շատ լաւ կը զգամ Հայաստանի մէջ՝ իմ հողը․․ իմ ջուրը․․ իմ լեզուն։ Առաջին նպատակս՝ հոս հաստատուիլ էր, քայլ առ քայլ նպատակներուս կը հասնիմ»,- այսպէս կը պատմէ երիտասարդ ճարտարապետ՝ Բարին Արսլանեան։

Քիչ են այն երիտասարդները, որոնք Պոլսոյ մէջ հասակ առնելով կը գործածեն մայրենին, որոնք՝ մաքուր հայերէն կը խօսին։ Ինչպէս կը պատմէ Բարին, մինչեւ 5-6 տարեկան միայն հայերէն խօսած է, իսկ թրքերէնը սորված է դպրոցէն։ Բարինի ծնողները չեն խոչընդոտած, որ ան առանձին տեղափոխուի Հայաստան եւ այստեղ կայանայ։

«Ես կամաւոր եկած եմ Հայաստան, ճարտարապետական համալսարանս աւարտելէն ետք Իսթանպուլի մէջ, Birthright Armenia ծրագրով Երեւան եկայ եւ գալէս մէկ շաբաթ անց ալ արդէն շինարարական ընկերութեան մը մէջ աշխատանքի անցայ»։

 Բարին 2010 թուականին Մուսալեռցիներու միութեան խումբով առաջին անգամ այցելած էր Հայաստան, ան հօր կողմէն մուսալեռցի է, ինքզինք ալ մուսալեռցի կ՛անուանէ։

«Ես կ'ուզեմ օգուակար ըլլալ հայրենիքիս. 4 տարի եղաւ արդէն հաստատուած եմ Երեւան. Կ'աշխատիմ որպէս ճարտարապետ՝ ներքին ճարտարապետութիւն եւ կահաւորում, ինչ որ աղջկայ գործ չէ Հայաստանի մէջ։ Գործնական տեսանկիւնէն խօսելով ՝ կին մը ըլլալով շինարարական ոլորտին մէջ աշխատիլ, նամանաւանդ, երբ գծագիրները կու տամ եւ տղամարդոց կը թելադրեմ, թէ ինչ պիտի ընեն, անոնք խորհուրդ չեն ընդունիր ուրիշէն։ Հայաստանը կովկասեան եւ արեւելեան մտածելակերպի պատճառով ունի ճնշուած կնոջ կերպար, առաւել տարիքս փոքր ըլլալուն՝ քիչ մը դժուար է աշխատանքիս առումով»։ 

Այնտեղ հօր մօր հովանիին տակ էիր դիտարկման, Բարինի արձագանգը մեղմ ժպիտով մը եղած է՝ այստեղ ալ հայրենիքի հովանիին տակ եմ։ «Շատ մեծ տարբերութիւն չեմ զգար, իմ լայն շրջանակս գործընկերներս ու հարեւաններս են, բնաւորութեամբ ստեղծելը կը սիրեմ, ճարտարապետութիւնն ալ ստեղծել կը նշանակէ»։

 «Կ՛ուզեմ անդրադառնալ հայ սերնդակիցներուս, անոնք պէտք է զգան իրենց հայ ինքնութիւնը։ Անկախ թէ ուր ալ ըլլան, իրենց արժէքները, մշակոյթը եւ լեզուն պէտք է գիտնան, պէտք է հայ մնան, ուր ալ որ ապրին, իրենց ցեղին ու իրենց ընտանիքին գլխուն եկածները չմոռնան,եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցեն։ Ամէն ինչ պահել ու պահպանել եւ յաջորդ սերունդին փոխանցել»:

Բարին կ՛ուզէ երազանքը հայրենիքի մէջ իրականցնել։

 

 

Նիւթը  «Հայաստանի Հանրային Ռատիօ»ի կայքէն։

 Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան