image

Ինչքանով իրական է Սուրիոյ հիւսիսը հիմնուած «Քրտական պետութիւն»ը

Ինչքանով իրական է Սուրիոյ  հիւսիսը հիմնուած «Քրտական պետութիւն»ը

«Ալ Տիար» լրատուական կայքը յօդուածով մը անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ քրտական պետութեան հիմնադրման:

Կայքը յայտնած է, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն՝ Հասաքէ եւ Ռաքքա նահանգներուն մէջ քիւրտերը 26 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածութեան վրայ իրենց պետութիւնը հիմնած են, եւ եթէ Հասաքէի հովիտն ալ նկատի առնուի որպէս քրտական տարածք, անոնց տիրապետութեան տակ գտնուող հողերու տարածութիւնը 40 հազար քառակուսի քիլօմեթրի կը հասնի:

Կայքը նշած է նաեւ, որ քրտական նորաստեղծ պետութեան մաքսային մարմինը, Ելեւմուտի նախարարութիւնը, քրտական բանակն ու Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը ամբողջովին անջատուած են Դամասկոսէն, եւ կ'արգիլեն Սուրիոյ բանակի զինուորներուն մուտքը իրենց շրջաններ: Անոնք նաեւ ԱՄՆ ուժերուն հետ համագործակցաբար կ'աշխատին ընդարձակել իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող փոքրիկ օդակայանը:

Քրտական պետութենէն ներս զարգացում կ'ապրի նաեւ շինարարութեան ոլորտը, իսկ ամերիկեան նշանաւոր սնունդի կէտեր սկսած են քրտական պետութեան մէջ մասնաճիւղեր հիմնել: