Ռուսաստանի՝ Ուքրանիա ներխուժման հեռանկարները տագնապ բարձրացուցած են տարածաշրջանին մէջ տիրող դրութեան պատճառով՝ սպառնալով երկրի 44 միլիոն բնակչութիւնը ներգրաւել հակամարտութեան մէջ:
Այս մասին կը գրէ CNN-ը՝ ներկայացնելով նաեւ այլ սպառնալիքներ, որոնց կրնայ յանգեցնել ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը: Ըստ հեռուստաալքին՝ Քրեմլը երկու երկրի միջեւ սահմանէն շատ աւելի հեռու պիտի երթայ:
Փորձագէտները մտավախութիւն ունին, որ այդ կրնայ արեւելեան Եւրոպայի մէջ անորոշութեան նոր դարաշրջանի յանգեցնել, խախտել մատակարարման շղթաները եւ համաշխարհային տնտեսութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան փոփոխութիւններու յանգեցնել:
«Եթէ բախումները իսկապէս տեղի ունենան, անհասկնալի է, թէ ինչ մասշտաբներ պիտի ստանան, քանի որ Ռուսաատանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի մտադրութիւնները կանխագուշակելն անիմաստ գործ է: Որեւէ ժամանակակից պատերազմ սարսափելի կրնայ ըլլալ, սակայն սարսափի աստիճաններ կան», կարծիք յայտնած է Պելառուսիոյ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ նախկին դեսպան Նայճըլ Կուտ-Տեւիսը:
«Սա պարզապէս ամենալուրջ անվտանգային ճգնաժամն է Եւրոպայի մէջ 1980-ականներէն ի վեր», ըսած է դիւանագէտը:
Վերլուծաբանանները միակարծիք են այն հարցով, որ ՆԱԹՕ-ի պատասխանին արդիւաւէտութիւնը եւս կրնայ կործանարար ըլլալ՝ հաշուի առնելով որեւէ միջամտութեան տեւողութիւնն ու թէ որքան հեռու այն կրնայ հասնիլ: