image

Ի՞նչ Վիճակ Կը Պարզէ Հալէպի «Նոր Գիւղ» (Հայ Ալ Միտան) Շրջանը (Լուսանկարներ)

Ի՞նչ  Վիճակ Կը Պարզէ Հալէպի «Նոր Գիւղ»  (Հայ  Ալ Միտան) Շրջանը (Լուսանկարներ)

Սուրիա- «Արեւելք»  Հալէպի  իր աղբիւրէն    տեղեկութիւններ ստացած է     մօտիկ անցեալին հայահոծ համարուած  «Նոր գիւղ»  շրջանին  մասին:    Ըստ մեր աղբիւրին` «Նոր գիւղ»ը կամ արաբական անուանումով «Հայ Ալ Միտան»  շրջանը        պատերազմական   հատման  սահմանային  գիծ ըլլալու  ընդհանուր դրութեան  հետեւանքով   դարձած է գրեթէ անմարդաբնակ: Մեր աղբիւրին համաձայն    հայաբնակ   այդ շրջաննները գրեթէ դատարկոուած են եւ շրջանի բնակիչները կամ փոխադրուած  են այլ վայրեր, կամ ալ` երկրէն ընդհանրապէս հեռացած: Ըստ մեր աղբիւրին  հայաբնակ բնակարաններուն    մեծ տոկոսը  թալանուած է եւ   տուները կը գտնուին անմխիթար վիճակի մը մէջ: Ականատեսներէ  ստանալով  իր տեղեկութիւնները`   մեր աղբիւրը նոյնպէս կը յայտնէ, թէ քիչ  չեն այն դէպքերը,  երբ     հայ բնակիչներ   փորձած են իրենց տուները    քննելու համար շրջան  վերադառնալ եւ  նկատած,  որ  տուները   դատարկ  են ու ամբողջութեամբ թալանուած: Նշենք, որ «Արեւելք»ի    հրապարակած սոյն նկարները   առնուած են օրեր առաջ «Նոր  Գիւղ»ը  Պուրճ ճաշարանի  թաղամասէն, որուն բնակչութեան  մեծագոյն մասը հայեր էին: Պէյրութի  Պուրճ Համուտի կողքին  Հալէպի «Նոր գիւղ»ը   կը համարուէր Միջին Արեւելքի ամէնէն հայահոծ  շրջաններէն  մին: