image

Ինչ կը մտածեն լիբանանահայ գործիչները Սփիւռքի նախարարութեան փակման մասին. 1in.am-ի անդրադարձը

Ինչ կը մտածեն լիբանանահայ գործիչները Սփիւռքի նախարարութեան փակման մասին. 1in.am-ի անդրադարձը

ՀՀ կառավարութեան կազմին մէջ յառաջիկային կը սպասուին լուրջ փոփոխութիւններ, կը նախատեսուի 17 նախարարութիւններէն ձգել 12-ը։ Իսկ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ ստեղծուած էր 1 Հոկտեմբեր 2008-ին, փաստացի ունեցաւ տասը տարուան կեանք եւ հիմա կը  լուծարուի։ Չի բացառուիր, որ Սփիւռքի հետ աշխատանքները այսուհետեւ համակարգուին փոխվարչապետին կողմէ։ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը միանշանակ չ՝ընդունուիր Սփիւռքի կողմէ։ ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տաքէսեան համաձայն չէ նախարարութեան լուծարման։

«Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ան նշած է, որ նախարարութիւնը իր գործունէութեան տասը տարիներուն ընթացքին ծաւալած է շատ լաւ գործունէութիւն, փորձած է Հայրենիք-Սփիւռք կապերը աւելի ամրապնդել, որ յաջողած է։ «Մենք համաձայն չենք, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը վերանայ։ Կը զարմանամ՝ ինչո՞ւ պէտք է լուծարուի նախարարութիւնը»,- ըսած է Աւետիս Տաքէսեան։

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ իր բուն առաքելութիւնը նախարարութիւնը չէ կատարած, Աւետիս Տաքէսեան նշած է, որ Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ամէն ինչով գերազանցած է, եւ որեւէ թերութիւն չկայ անոր գործունէութեան մէջ։

Սփիւռքի երիտասարդ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, օրինակ, Սփիւռքի նախարարութիւնը կը համարէ խորհրդանշական գերատեսչութիւն։ 88 աշխատակից ունեցող գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ նախարարութիւնը իր առջեւ չէ դրած  յաւակնոտ խնդիրներ: Աւետիս Տաքէսեան համաձայն չէ այս գնահատականներուն հետ, համաձայն չէ, որ քաղաքական կամք եւ գիտելիք չկար, որ բովանդակութիւն կը հաղորդէր աորն: «Սխալ է զայն լուծարելը, Սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է մնայ։ Հայութեան եօթը միլիոնը դուրսն է, հիմա այդ եօթը միլիոնին ոչ ոք պէտք չէ՞ ներկայացնէ։ Եւ եթէ հակառակը ըլլար, որ Հայաստանի մէջ ըլլար եօթը միլիոն հայ, իսկ դուրսը՝ երեք միլիոն, միեւնոյն է, անհրաժեշտ է նախարարութիւն ունենալը»,- ըսած է ան։

Աւետիս Տաքէսեան չի հասկնար նախարարութեան լուծարման իրական նպատակը։ Անոր խօսքով՝ եթէ նախարարութիւնը կը վերագրէին ՀՀԿ-ին եւ հիմա կ՝ուզեն ազատուիլ անկէ, ասիկա սխալ մօտեցում է։

ՍԴՀԿ Լիբանանի վարչութեան մարմինի փոխատենապետ Մարտիկ Ժամկոչեան, «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ընթացքին թէեւ նշած է, որ Սփիւռքի թէ՛ նախկին, թէ՛ ներկայ նախարարէն գոհ եղած են, սակայն հիմա կը վստահին կառավարութեան, եւ եթէ կառավարութիւնը որոշած է լուծարել, ատիկա կառավարութեան գործն է. «Ասիկա Հայաստան պետութեան գործն է, հիմա պիտի ըլլայ նախարարութիւն, թէ որեւէ կոմիտէի տնօրէն՝ կարեւոր է աշխատանքը»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ տարբերութիւն չկայ՝ Սփիւռքի հետ կապեր պիտի հաստատէ փոխվարչապե՞տը, թէ՝ նախարարը:

«Մեզի համար կարեւորը այն է, որ համաչափ ըլլայ գործակցութիւնը Սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ։ Կարեւորը ժողովուրդի կեանքին բարելաւումն է, վարչապետէն յոյսը եւ սպասումները շատ մեծ են»,- ըսած է ան։

Մարտիկ Ժամկոչեան նշած է, որ ՍԴՀԿ-ը վարչապետին 100 տոկոս զօրակցութիւն յայտնած է, եւ հիմա կը մնայ մէկ բան՝ յաջողութիւն մաղթել վարչապետին իր բարդ պարտականութիւններու կատարման մէջ: «Հայաստանը, շատ կը ներէք, «Քոնկրէս» հիւրանոցէն մինչեւ «Անի» հիւրանոցը չէ, Հայաստանը իր ամբողջ տարածութեամբ է՝ Արցախն ալ ներառեալ, մենք ամբողջ հայ ժողովուրդի կեանքի փոփոխութիւն կ՝ուզենք, որ մենք ալ քաջութիւն ունենանք գալու հաստատուելու»,- աւելցուցած է Լիբանանի ՍԴՀԿ վարչութեան մարմինի փոխատենապետը։