image

Ի՞նչ կը կատարուի արեւին մէջ. NASA Մտահոգ

Ի՞նչ կը կատարուի արեւին մէջ.  NASA Մտահոգ

Աստղագէտներ զգուշացուցած են արեւին մէջ տեղի ունեցող տարօրինակ երեւոյթներէ, կը գրէ ամերիկեան «Bloomberg» գործակալութիւնը:

Գիտնականները մասնաւորապէս զգուշացուցած են արեւի փոքր պտոյտի ժամանակ տիեզերական ճառագայթումներու տոկոսը աննախադէպ սահմանի հասած ըլլալէն:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, արեւային աշխուժութիւնն իր գագաթնակէտին հասած ժամանակ արեւը կը ձգտի պաշտպանել մոլորակները, այդ թուին` Երկիր մոլորակը, տիեզերական ճառագայթումներէն:

Գիտնականներէն ոմանց պնդմամբ, Երկիր մոլորակը պիտի չազդուի արեւին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններէն, սակայն այդ երեւոյթներն իրենց ազդեցութիւնը պիտի թողուն տիեզերագնացներուն վրայ, որոնք առաւել ենթակայ պիտի դառնան սրտային հիւանդութիւններով կամ քաղցկեղով տառապելու:

Նշենք, որ երկու տարի առաջ «ՆԱՍԱ» լուսանկարներ հրապարակած էր, յայտնելով արեւի մակերեսէն արեւային բիծերու անհետացման մասին, որ մտահոգութիւն առաջացուցած էր գիտնականներու մօտ: