ՀՀ Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի Քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնին մէջ կը շարունակուի 2022 թուականի Մայիս 17-ին Քիեւեան փողոցին մէջ քաղաքական ընդդիմութեան նախաձեռնած անհնազանդութեան գործողութեան մասնակիցներուն կողմէ իշխանութեան ներկայացուցիչ հանդիսացող` ՀՀ ոստիկանութեան աշխատակիցի օրինական պահանջին չենթարկուելու եւ անոր նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործին նախաքննութիւնը:
Նախապէս յայտնած էինք, որ ձեռնարկուած անհրաժեշտ միջոցառումներու արդիւնքով պարզուած էր ոստիկանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրած անձերէն մէկուն ինքնութիւնը, որ քաղաքացի Իկոր Եուրի Խաչատուրովն է:
Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ` Ի. Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 316-րդ յօդուածի 1-ին մասով, միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան` անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կալանաւորում կիրառելու վերաբերեալ, ինչ որ բաւարարուած է: