Յիսուսի հանդէպ անարգանքը կ’ըլլայ երբ մենք մեր փոքր եղբօր կը նախատենք, կը սպաննենք, մանուկները սովի կը մատնենք եւ տեղահան կ’ընենք: Մենք ինչո՞ւ կը պաշտպանենք նկար մը, երբ Լիբանանի մէջ կ’ապրինք ամենադառն օրերը: Փարիզը Փարիզն է իր նորութեամբ, իր արուեստով, արտայայտութեան տարբեր ոճով: Բայց այսօր դէպի ո՞ւր ուղղուած է Տէր Յիսուսի հայացքը. դէպի Փարի՞զ կամ դէպի Միջին Արեւելք:
Այսօր որպէս հայ քրիստոնեայ մը, որ կ’ապրիմ Լիբանանի մէջ, ինչպէ՞ս կ’ընկալեմ Փարիզի մէջ, Ողիմպիականի խաղերու բացման ընթացքին ներկայացուած վերջին ընթրիքի պատկերը:
Ընդհանրապէս բոլոր ընկերային ցանցերը եկան արտայայտելու իրենց զայրոյթը, բարկութիւնը որ ցուցաբերուած էր Տէր Յիսուսի հանդէպ կատարուած անարգական պատկերին: Բայց նախքան այդ բոլոր զայրոյթի արտայայտութիւնները եկէք մտաբերենք որ Իտալացի արուեստագէտին՝ Լիոնարտօ Տավինչիի «Վերջին ընթրիքը» օրին կղերականներու զայրոյթը առթող գեղանկար մը համարուած էր անոր համար որ կը կրէր իրենց հաւատամքը հարցականի տակ դնող հարցեր:
Բայց այսօր, ինչպէս որ բարեկամներէս մէկը կ’արտայայտուէր, ի՞նչն է որ իսկապէս կ’անարգէ Տէր Յիսուսի, եւ միւս կողմէ ինչն է որ կը նեղացնէ եւ կ’անարգէ քրիստոնեաներս:
Յաճախ, երբ որոշ խախտումներ եւ դրժումներ կատարուին մեր հաւատքին կապակցութեամբ մենք կ’ըմբոստանանք առանց խորանալու եւ հարցնելու թէ արդեօ՞ք Տէր Յիսուս բարկացած է: Այսօր այս բոլորը ինչուներու շարքը կը պաշարեն միտքս: Ինչո՞ւ Տէր Յիսուս խաչուեցաւ: Որովհետեւ ըստ հրեաներուն Ան զԱստուած անարգեց, ինքզինք Անոր նմանցնելով, երբ կը կարդանք Յովհ. Աւետարանի 19րդ գլխուն մէջ «Քակեցէք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեցնեմ»: Մարդ արարած հակամէտ է իր ձեռքի գործերը կուռքերու վերածելու եւ պաշտելու: Ինչո՞ւ արուեստագէտի մը երեւակայութեան մէջ հիւսուած պատկեր մը մեր հաւատքի հիմքը պիտի կազմէ: Ոչ մէկ տեղ աւետարաններուն մէջ կը կարդանք Յիսուսի մասին նկարագրութիւն բացի մէկ համարէ որ կուգայ Մատթ. Աւետ.ի 25:40 համարին մէջ որ կ’ըսէ «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այն ինչ որ իմ եղբայրներէս ամենափոքրին ըրիք, նոյնը ինծի ըրած պիտի ըլլաք»: Յիսուսի հանդէպ անարգանքը կ’ըլլայ երբ մենք մեր փոքր եղբօր կը նախատենք, կը սպաննենք, մանուկները սովի կը մատնենք եւ տեղահան կ’ընենք: Մենք ինչու կը պաշտպանենք նկար մը երբ Լիբանանի մէջ կ’ապրինք ամենադառն օրերը: Փարիզը Փարիզն է իր նորութեամբ, իր արուեստով, արտայայտութեան տարբեր ոճով: Բայց այսօր դէպի ո՞ւր ուղղուած է Տէր Յիսուսի հայացքը. դէպի Փարի՞զ կամ դէպի Միջին Արեւելք:
Նաթալի Տէր Ստեփանեան- Քէնտիրճեան