image

Ի ՞նչ Դժուարութիւններ Ունեցած է Լեւոն Էքմէքճեանի Աճիւններու Տեղափոխումը. Մանրամասներ

Ի ՞նչ Դժուարութիւններ Ունեցած է Լեւոն Էքմէքճեանի Աճիւններու  Տեղափոխումը. Մանրամասներ

ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկ Լեւոն  Էքմէքճեանի աճիւնները  Անգարայէն տեղափոխելու գործին մէջ միջնորդ հանդիսացած Թուրքիոյ «Մարդկային Իրաւանց Միութեան Ցեղապաշտութեան եւ Խտրականութեան Դէմ» Յանձնախումբի անդամ Հրանդ Գասպարեան «Արեւելք»ին յայտնեց, որ  այդ աշխատանքը ունեցած է կարգ մը դժուարութիւններ:  Պոլսահայ լրագրող-իրաւապաշպանը մանրամասներ ներկայացուց, թէ ինչ աշխատանք  կատարուած է, մինչեւ Էքմէքճեանի աճիւններուն փոխադրուին դէպի Փարիզ:


Ան ըսաւ, որ Էքմէքճեան ընտանիքը պաշտօնապէս դիմած է «Ցեղապաշտութեան եւ Խտրականութեան Դէմ Յանձնախումբ»ին, որ ստեղծուած է ընդհանուր Թուրքիոյ տարածքին մէջ գործող Մարդկային Իրաւանց Միութեան երդիքին տակ:

«1986-ին հիմնուած «Մարդկային Իրաւանց Միութիւն»ը առանց խտրականութեան հետաքրքրուած է մարդկային իրաւունքներու խախտումներով, որ վերջերս անգամ մը եւս զանգուածային մակարդակով տեսանելի է երկրի Արեւմտահայ եւ այժմու քրտաբնակ քաղաքներուն մէջ: 

Շուրջ 30 տարիէ ի վեր շարունակուող քիւրտ-թրքական այս պատերազմի մթնոլորտին մէջ, «Մարդկային Իրաւանց Միութիւն»ը ի պահանջեալ հարկին միջնորդ կը հանդիսանայ մեռեալ քիւրտ զինեալներուն դիակները կամ աճիւնները իրենց ընտանիքներուն յանձնելու գործին մէջ եւս»,-ըսաւ Հրանդ Գասպարեան, աւելցնելով, որ իբրեւ կազմակերպութիւն, արդէն փորձառու էին  նման գործողութեան մը համար, հետեւաբար պատրաստակամութիւն յայտնած են ընդառաջելու Էքմէքճեան ընտանիքի իրաւացի պահանջքին:

«Մեր Յանձնախումբի անդամ իրաւաբան Էրէն Քէսքին սկսաւ  պաշտօնական գործընթացը: 2013 թուականի սկիզբին արդէն յայտնաբերեցինք հանգուցեալ Լեւոն Էքմէքճեանի թաղուած վայրը, որ կը գտնուէր Անգարայի «Ճէպէճի Ասրի» կոչուած գերեզմանատան մէջ:

Մեր աչքին առջեւ կը պարզուէր, որ Թուրքիոյ պետական համակարգին մէջ ամէն ինչ արձանագրուած է արխիւներուն մէջ, բան մըն ալ չի կորսուիր, եւ եթէ իրօք կամք կայ, ահաւասիկ հնարաւոր էր գտնել նոյնիսկ 32 տարի առաջ անշշուկ ձեւով հողին յանձնուած ԱՍԱԼԱ-ի անդամին թաղման վայրը:

Տարիքի բերմամբ ես ականատես չեմ ԱՍԱԼԱ-ի գործունէութեան ժամանակաշրջանին, սակայն գիտենք, որ հանգուցեալ Լեւոնի համար չէր թոյլատրուած եկեղեցական ծիսակատարութեամբ յուղարկաւորութեան կարգ: Չունէր շիրմաքար կամ թաղման վայրի խաչքար մը, անունը եւս նշուած չէր գերեզմանին վրայ: Իր տեղը կը պարզուէր գերեզմանատան արձանագրութեամբ եւ գերեզմաններու քարտէզի միջոցաւ: Գերեզմանատան պաշտօնեաները յստակ ձեւով կը մատնանշէին թաղման վայրը»,-նշեց մեր զրուցակիցը:

Ան յայտնեց, որ գերեզմանը գտնելէ յետոյ, սկսած է թրքական «աւանդական պիւրոքրասին» որ տեւած է մօտաւորապէս երկու տարի:

«Անընդհատ ուրիշ տեղեր կ'ուղարկուէր մեր գործընկեր փաստաբան Էրէն Քէսքինը: Երկու տարիներու ընթացքին ամէնաշատ ձգձգողը, իր հակահայ ելոյթներով յայտնի դարձած Անգարայի քաղաքապետ Մէլիհ Կէօքչէքը եղաւ: Սակայն յետոյ ստիպուեցաւ գործը ուղեւորել նախարարութիւններուն: Արդարադատութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ իր իրաւասութիւնը չէ այս մասին որոշում կայացնել եւ ուղեւորեց Ներքին Գործոց Նախարարութեան: Իսկ յետոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը մեզ ուղեւորեց Արտաքին Գործոց Նախարարութեան: Վերջապէս 2015-ի երկրորդ կէսին լրացած էր պատշաճ բոլոր պաշտօնական արտօնութեան փաստաթուղթերը: 

Կը մնար տեղափոխման գործին իրականացումը, որուն համար խորհրդակցեցանք դիմումնակալ ընտանիքին հետ:

Որպէս Յանձնախումբ,  Մարդկային Իրաւանց Միութեան Անգարայի մասնաճիւղի մեր գործընկերներու աջակցութեամբ տեղափոխման գործողութիւնը կարողացանք յաջող ձեւով իրականացնել»,-նշեց մեր զրուցակիցը:

Հրանդ Գասպարեան անդրադարձաւ նաեւ վերջին շրջանին այս հարցի մասին զանազան խօսակցութիւններուն, որոնք միշտ չէ, որ իրականութեանը մօտ են.

«Համացանցի մէջ ոչ-պաշտօնական տարբեր գրառումներ կը տեսնենք, որոնք իրականութիւնը չեն համապատասխաներ, ըստ որոնց, «կարմիր խաչը միջնորդ եղած է» տեղափոխման գործողութեան համար: Ոչ, այդպէս չէ: «Կարմիր խաչ»ը կապ չէ ունեցած այս գործին հետ:  

Մի քանի հայկական լրատուամիջոցներ՝ թրքական կայքէջներու պնդումները թարգմանելով,  յայտնեցին, թէ Էքմէքճեան ընտանիքի անդամները տեղափոխման համար «Անգարա եկած էին»:  Ճիշդ չեն նաեւ այս մասին լուրերը:

Իսկ երեկ Պոլսահայ թերթի մը մէջ կարդացինք, թէ հանգուցեալի «աճիւնները թաղուած են Փարիզի գերեզմանատան մէջ»:  Թիւրիմացութիւն է, դեռ յուղարկաւորութեան կարգ տեղի չէ ունեցած»,-նշեց Հրանդ Գասպարեան:

Ան նաեւ մանրամասներ յայտնեց, թէ ինչ տեղի ունեցած է Անգարայի  «Ճէպէճի Ասրի» գերեզմանատան մէջ:

«Յայտնաբերուած թաղման վայրի շուրջ մէկուկէս ժամուան պեղումներէ յետոյ, մեր Յանձնախումբի անդամներով Անգարայի «Ճէպէճի Ասրի» գերեզմանատան մէջ իր գերեզմանի առջեւ վերջնական ըլլալով ոտնկայս լռութիւն պահելով յարգեցինք Լեւոն Էքմէքճեանի յիշատակը:

Յետոյ բարձրաձայն ոգեկոչեցինք զինքը, նաեւ իր ընկերները՝ հին եւ նոր Հայ յեղափոխականներն ու նահատակները: 

Լեւոն Էքմէքճեան Անգարայի գերեզմանատունէն դէպի Փարիզ՝ դէպի յաւերժութեան ուղարկուեցաւ «L'Internationale» քայլերգով, իսկ յետոյ հայերէն լեզուով արտասանուած «Տէրունական աղօթք»ով:

Այս բոլորը տեղի ունեցաւ 23 Դեկտեմբեր 2015 թուականին ժամը 12:00-ին եւ նոյն օր Լեւոն Էքմէքճեան առ յաւէտ հրաժեշտ առաւ Անգարայի «Ճէպէճի Ասրի» գերեզմանատունէն:

Հանգուցեալի աճիւնները օդային գիծով Ֆրանսա՝ ընտանեկան պարագաներուն փոխադրուեցաւ»:

 

Նիւթին շուրջ 7 Յունուար հինգշաբթի օր Մարդկային Իրաւանց Միութեան Պոլսոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է  մամլոյ ասուլիս, ինչի  մասին նոյնպէս մանրամասներ յայտնեց Հրանդ Գասպարեան.

«Ասուլիսի  ընթացքին  Յանձնախումբի անդամ, իրաւաբան Էրէն Քէսքին պատմած է երկու տարուան գործընթացը, որ արտօնութիւն ստանալը սովորականէն ալ աւելի երկար տեւած էր զանազան նախարարութիւններու թղթակցութիւններու եւ ներգրութիւններու պատճառով:

Մեր Յանձնախումբը ասուլիսի ընթացքին մամլոյ աշխատակիցներուն ներկայացուց նաեւ Լեոն Էքմէքճեանի մասին արձակուած մահապատիժի դատավճիռի իրաւաբանական ծալքերը, որոնք կը պարունակէին խախտումներ:

Յանձնախումբի ձեռք բերած տեղեկութիւններով, Լեւոն Էքմէքճեանի մահապատիժը գործադրուած էր նոյնիսկ այդ ժամանակաշրջանի ռազմական յեղաշրջումի ընթացքին ի զօրու օրէնքներու ներհակ կերպով:

Լեւոն Էքմէքճեան փաստաբան չունէր, չկարողացաւ ինքնապաշտպանութիւն ընել: Իսկ մէջտեղ կար «զղջումի» խոստովանագիր մը, որ մինչ օրս յայտնի չէ, թէ ինչ ձեւով ձեռք բերուած էր: Ըստ այդ «զղջումին»      , այլեւս պէտք չէր Լեւոնի մահապատիժը գործադրուէր, մինչդեռ ինքը շուտով մահապատիժի ենթարկուեցաւ:

Փաստերը մէջտեղ են: Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդը 28 Յունուար 1983-ին վաւերացուց մահապատիժի վճիռը, եւ աճապարանքով նոյն օր գործադրուեցաւ մահապատիժը: 

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մեր կազմակերպութեան փոխնախագահ Մէրալ Չըլտըր եւ որպէս փաստաբան Էրէն Քէսքին, հարցում տալով շեշտեցին թէ ինչո՞ւ իշխանութիւնները այսքան կարիքը զգացած էին աճապարելու, արդեօք Էսէնպողա օդակայանի մէջ կատարուածները եւ Լեւոնի դէմ գործադրուած խախտումները գաղտնի պահելու համա՞ր էր, որ այսքան շուտ գործադրած էին մահավճիռը:

Չըլտըր եւ Քէսքին յայտնեցին, որ նոյնիսկ օրէնքները անտես առնուեցան, որովհետեւ ֆաշիստական ռազմական յեղաշրջումի գործակալներու համար Լեւոնը ոչ միայն «ահաբեկիչ» էր, այլեւ «հայ ահաբեկիչ» մըն էր:

Այս դէպքին ներքին մանրամասնութիւնները տարիներէ ի վեր կը պահուին որպէս պետական գաղտնիք: Էսէնպողա օդակայանի բախումներու ընթացքին սպաննուածներու դիազննութիւն իսկ չէր կատարուած: Աւելի վերջ կարգ մը ականատեսներ պատմեցին որ իրենք զարնուած կամ թիրախ դարձուած էին տեղւոյն ոստիկաններու կողմէ: Այս մասին օրինակ տրուեցաւ 2004 թուականին թրքական «CNN Turk» հեռուստակայանի մէջ ցուցադրուած «Oradaydım» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը, որուն մէջ 1982 թուականի Էսէնպողայի դէպքի թուրք ականատեսը կը պատմէ, թէ ինչպէս տեղւոյն ոստիկաններէն մէկը հրացանով կրակ բացած  է իր վրայ:

7 Յունուար Հինգշաբթի օր «Մարդկային Իրաւանց Միութեան Պոլսոյ գԺԳրասենեակ»ին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսիՆ մասնակցելով՝ իր զգացումներն եւ յուշերը պատմեց Լեւոն Էքմէքճեանի ժամանակաշրջանին Անգարայի նոյն բանտին մէջ կալանաւորուած քաղբանտարկեալ Ֆաթին Քանաթ:

Անգարայի Մտքի Ազատութեան Հարթակի անդամ Մահմութ Քօնուք եւս իր զգացումները արտայայտեց ասուլիսի վերջաւորութեան»: