image

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը այցելեց Վեր. Փօլ Հայտոսթեանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը այցելեց Վեր. Փօլ Հայտոսթեանին

Օրերս Լիբանանի ՀՅԴ  Կառոյցի ներկայացուցիչներ այցելութիւն տուած են ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնատեղի եւ ընդունուած Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս այս մասին կը գրէ՝ 

Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2024ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Նախագահի Տեղապահ` Վեր. Փօլ Հայտօսթեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴի Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, գլխաւորութեամբ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունիի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՄԱՀԱԵՄի գրասենեակի վարիչ Վեր. Սելիմ Սապունճի:

Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Լիբանանահայութեան վերաբերող զանազան հարցեր, ինչպէս` կրթական, ազգային, կազմակերպչական եւ հոգեւոր: Յատուկ ուշադրութեամբ սերտուեցաւ արդիականութեան անսահման հնարաւորութիւններու եւ վտանգներու պարագան, միաժամանակ հայկական ու քրիստոնէական արժէքներու ամրապնդումն ու զարգացումը:

Շեշտուեցաւ ջանասիրութեամբ, նուիրումով եւ յոյսով գործելու եւ առաջնորդելու անհրաժեշտութիւնը, նամանաւանդ ներկայի ճնշիչ պայմաններուն ներքեւ:  Հուսկ, Վերապատուելին անդրադարձ կատարեց Լիբանանահայ համայնքի հաստատութիւններու ներուժին եւ վերանորոգ տեսիլքի կարեւորութեան մասին, եւ այդ բոլորին մէջ գնահատանքով յիշեց ՀՅԴի կարեւոր դերը, մաղթելով բոլորին շարունակուող կորով: