Հունգարիոյ, Ռումանիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճնի ղեկավարները կը ծրագրեն շաբաթ օր հանդիպիլ Ռումանիոյ մայրաքաղաքին մէջ, որ համաձայնագիր կնքեն ստորջրեայ ելեկտրական միացման շուրջ, որ կրնայ ուժանիւթի նոր աղբիւր դառնալ Եւրոմիութեան համար:
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ Սեւ ծովու յատակով մալուխի անցկացում, որ Վրաստանի եւ Ռումանիոյ միջոցով Ատրպէյճանը կը կապէ Հունգարիոյ հետ, ըսած է Հունգարիոյ վարչապետի մամուլի կցորդ Պերթալանա Հաւասին։
Հաւասին Associated Press-ին հաստատած է, որ Օրպանը մտադիր է շաբաթ օր մեկնիլ Պուխարեսթ՝ համաձայնագիրը ստորագրելու համար:
Հունգարական լրատուական MTI գործակալութիւնը յայտնած է, որ Օրպան, Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհանիսը, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյընի հետ միասին, պիտի մասնակցին ստորագրման արարողութեան։
Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոն օգոստոսին յայտարարած է, որ Ադրբեջանը շուտով «մեծ քանակութեամբ կանաչ ելեկտրական ուժանիւթ» պիտի արտադրէ, եւ Հունգարիան պիտի ստորագրէ միացնողի նախագիծը, քանի որ դաշինքէն ֆինանսաւորում ստանալու համար կը պահանջուի ԵՄ անդամ երկու երկիրներու մասնակցութիւնը:
Սիարթոն ըսած է, որ նախագիծը կրնայ աւարտիլ 3-4 տարուան ընթացքին, եւ այն կարեւոր քայլ պիտի դառնայ ուժանիւթի մատակարարումներու բազմազանութեան ու ածխածնի չէզոքութեան նպատակներուն հասնելու համար: