Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած է Amnesty International-ի՝ «Ազրպէյճան. անտեսանելի ճնշում» խորագրեալ համաժողովը, որու ընթացքին քննարկուած են այդ երկրին մէջ խօսքի ազատութեան ճնշումները: Համաժողովին սկիզբը սրահ ներխուժած են անծանօթներ, որոնք ըստ կազմակերպիչներուն՝ դեսպանատան պաշտօնեաներ էին, եւ փորձած են խոչընդոտել համաժողովը, սակայն իտալական ոստիկանութիւնը զանոնք սրահէն դուրս քշած է: Քննարկման ժամանակ նշուած է, որ «Ազրպէյճանական մամուլին մէջ՝ իրականութիւնը լուսաբանելու կարելիութիւնը բոլորովին կ՚անտեսուի։ Պաքուի իշխանութիւններու սեւ ցանկին մէջ ընդգրկուած են զանազան ազգեր ներկայացնող 532 անուններ, ի շարս որոնց՝ գրողներ, երաժիշտներ, լրագրողներ, որոնց 20-ը իտալացիներ են»: Մամլոյ ազատության շուրջ վերլուծումներ ներկայացնող articolo21.org կայէջքը կը գրէ, թէ ազրպէյճանական սեւ ցանկին մէջ յայտնուած բոլոր անձերուն մեղքն ալ նոյնն է՝ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած ըլլալ: «Ազրպէյճանի մութ կողմերէն միւսը մարդկային իրաւանց ամէնօրեայ խախտումներն են, որոնց մասին Amnesty-ն ալ փաստաթուղթ հրապարակած է: Ոստիկանութիւնը ամէն օր տանջանքներու կ՚ենթարկէ ձերբակալուած քաղաքացիական գործիչներ: Վախի աճող մթնոլորտի մասին կը վկայէ նաեւ Freedom House կազմակերպութեան զեկոյցը: Առնուազն 18 հոգի բանտարկուած են, միայն անոր համար, որ կը պաշտպանէին խօսքի ազատութեան իրենց իրաւունքը», կը գրէ կայքէջը: Կը նշուի, որ Հռոմի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան կողմէ Amnesty International-ի համաժողովը խոչընդոտելու բոլոր փորձերը՝ ձախողած եւ զայն ջնջելու խնդրանքով կատարուած 20 դիմումները մերժուած են:
Նիւթի աղբիւր՝ «Նոր Յառաջ»