image

Հրշէջ խումբի այցը՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան 

Հրշէջ խումբի այցը՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան 

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, օրերս, ընդունած է Ֆաթիհի հրշէջ ջոկատի անդամներու այցելութիւնը, որոնք Պատրիարքարանի հոգեւորական ու աշխարհական ծառայողներուն դասախօսութեամբ մը բացատրած են հրդեհներու պարագային կատարուելիք  անհրաժեշտ քայլերը՝  մինչեւ հրշէջ խումբի ժամանաումը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։

Ստորեւ տրուած հակիրճ մահագրութիւնը։

Երեկ, յետ միջօրէի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Ֆաթիհի հրշէջ ջոկատի անդամներու այցելութիւնը։

Հիւրերը Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, ի ներկայութեան Նորին Ամենապատուութեան եւ Պատրիարքարանի հոգեւորական ու աշխարհական ծառայողներու, յայտնեցին, թէ իրենց փափաքով իրականացած էր այս հանդիպումը, քանի որ հրդեհի միջամտելու համար երբ կ'անցնէին Պատրիարքարանի փողոցէն, նշմարած էին, որ շէնքը փայտաշէն էր եւ այս պատմական շէնքէն ներս տեղին պիտի ըլլար դասախօսութիւն մը սարքել։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ իրենց առաջարկին ընդառաջած էր։ Ապա սպառիչ տեղեկութիւններ տուին՝ հրդեհի պարագային ինչերէ՞ պէտք է զգուշանալ։ Նկարներով շարունակեցին իրենց բացատրութիւնները ցոյց տալով թէ ինչե՞ր պէտք է կատարուին, մինչեւ հրշէջ խումբին գալը։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց՝ իրենց յոյժ կարեւոր առաքելութեան մէջ։