image

Հրատապ. Պայթում Լիբանանի Աքքարի աւանին մէջ.Կան 20 զոհեր (Տեսանիւթ)

 Հրատապ. Պայթում Լիբանանի  Աքքարի  աւանին մէջ.Կան 20 զոհեր (Տեսանիւթ)

  Մեծ պայթում մը որոտացած է Լիբանանի հիւսիսային Աքքար նահանգին մէջ, որուն հետեւանքով ալ տասնեակ քաղաքացիներ զոհուած են։

 

 Այս մասին   «Արեւելք»      տեղեկութիւն քաղեց  VDL  կայանէն։

 

 

 Մանրամասնութեանց մէջ քաղաքացիներ երէկ յետմիջօրէին յայտնաբերած են վառելանիւթ  պարունակող փոխադրակառք մը, Աքքարի Թլայլ աւանին մէջ, որմէ ետք ալ հաւաքուած են մեծ թիւերով  վառելանիւթէն օգտուելու համար։

 

 Այսօր արեւածագի ժամերուն   կառքին  շուրջ հաւաքուած քաղաքացիներուն միջեւ եղած է վէճ, որ զարգանալով վերածուած է կրակոցի ու ապա կրակոցին հետեւանքով  հրդեհավտանգ փոխադրատար  կարցին մօտ եղած  թիթեղեայ պահեստանոցը պայթած է պատճառելով մեծ թիւով զոհեր։ 

 

 

 Լիբանանեան աղբիւրներ կ՚ընդգծեն, որ եղածը աղէտի տպաւորութիւն ունի, իսկ զոհերուն թիւը որ կրնայ աւելիով բարձրանալ, հասած է 20-ի։

 

 

 Զոհերէն բացի կան հարիւրաւոր վիրաւորներ, իսկ շրջանի հիւանդանոցները եղածին հետեւանքով յայտնուած են աղէտալի իրավիճակի մը մէջ։