image

ՀՕՄ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի «Ժպիտ» խորագրեալ ամանորեայ միջոցառումը

ՀՕՄ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի «Ժպիտ» խորագրեալ ամանորեայ միջոցառումը

Հովանաւորութեամբ առաւելապէս  ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի, Երեաւանի մէջ, ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութիւնը նախաձեռնած է «Ժպիտ» ամանորեայ ձեռնարկ մը, նախատեսուած Արցախի 2020 եւ  2023 թուականի պատերազմներուն նահատակուածներու եւ անհետ կորածներու, ինչպէս նաեւ Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն համար:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

11 եւ 12 յունուարին կայացաւ ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնած «Ժպիտ» ամանորեայ ձեռնարկը: Ծրագիրը նախատեսուած էր 2020 թուականի պատերազմին նահատակուածներուն եւ անհետ կորածներուն 4-6 տարեկան, 19 սեպտեմբեր 2023-ի պատերազմին եւ 25 սեպտեմբերին վառելիքի պահեստի պայթիւնէն զոհուածներուն եւ անհետ կորածներուն 2-6 տարեկան Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն համար: Ծրագրին հովանաւորութիւնը առաւելապէս ստանձնած էր ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանը, որուն միացած էին` Ռուսիոյ մէջ գործող «Սասնայ տուն» հայոց լեզուի առցանց դպրոցը, «Լորիկ» բարեգործական հիմնադրամը, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը, ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորի եւ Արցախի մասնաճիւղի անդամներ, նուիրատուներ:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ՀԱՍԵ Արցախի թեմի տրամադրած դահլիճին մէջ: Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւնը բոլոր երեխաներուն տրամադրեց փոքրիկներու համար նախատեսուած Աստուածաշունչ: Երեխաներուն այցելեց էլֆերը, որ խաղերու եւ մրցոյթներու միջոցով խինդ եւ ուրախութիւն պարգեւեց փոքրիկներուն: ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Մելանիա Բալայեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Ամանորն ու Ս. Ծնունդը եւ մաղթեց երջանիկ կեանք` խաղաղ երկինքի տակ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՕՄ-ի Արեւելեան շրջանին, Հայաստանի միաւորին, Արցախի թեմին եւ նախաձեռնութեան միացեալ բոլոր աջակիցներուն:

«Մեր կորուստը անչափելի է, բայց մենք պէտք է աւելի ուժեղ, աւելի յամառ գտնուինք եւ յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները: Մենք նաեւ այստեղ հաւաքուած ենք` հասկնալու, որ մինակ չենք, մեր կողքին կան այնպիսի նուիրեալներ, որոնք մնայուն մտահոգ են մեր մասին եւ այս առումով կ՛ուզեմ յատկապէս շեշտել Հայ օգնութեան միութեան` հայ կիներու ամէնէն մեծ կառոյցին դերը», ըսաւ ան:

Մելանիա Բալայեան նշեց, որ ՀՕՄ-ը 1990-ական թուականներէն Արցախի կողքին է եւ բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է յանուն մեր հայրենիքի` Արցախի եւ արցախցիներուն: Այսօր ալ ՀՕՄ-ը արցախցիներուն կողքին է: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան շնորհաւորելով ամանորեայ տօները` մաղթեց, որ նոր տարին ըլլայ սիրոյ, հաւատքի, նուիրումի տարի: «Ի վերջոյ, ամէն ինչի հիմքին մէջ կայ սէրը: Եթէ բոլորս ապրինք սիրով ու հաւատքով, իրարու թեւ թիկունք ըլլանք, ամէն ինչ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Կ՛ուզեմ, որ դուք պահէք արցախցիի հոգիի ամրութիւնը, ձեր հոգիին մէջ պահէք այն մեծ սէրը, որ կայ Արցախի նկատմամբ, եւ հաւատացէք, որ Արցախը մերը պիտի ըլլայ, մենք պիտի վերադառնանք: Պահեցէ՛ք ձեր տեսակը, որ շատ հզօր է, պահեցէ՛ք ձեր հորովելը, որ եւս հզօր է», շեշտեց ան: