image

Հայաստան եւ Հնդկաստան զէնքի նոր խմբաքանակի մատակարարման մասին քննարկումներ կ՚ունենան

Հայաստան եւ Հնդկաստան զէնքի նոր խմբաքանակի մատակարարման մասին քննարկումներ կ՚ունենան

Հնդկաստանը կը դիտարկէ Հայաստանին սպառազինութեան նոր խմբաքանակ մատակարարելու հնարաւորութիւնը։ Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը գրէ The Economic Times պարբերականը։

«Հնդկաստանը կը մտածէ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ռազմավարական դաշնակցին՝ Հայաստանին սպառազինութեան նոր խմբաքանակ մատակարարելու մասին՝ անցած տարուան ընթացքին սպառազինութեան առաջին խմբաքանակի յաջող մատակարարումէն ետք»,- գրած է պարբերականը։

Նշուած է, որ վերջերս Հայաստանէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ ժամանած է Նիւ Տելհի եւ քննարկումներ ունեցած այս առնչութեամբ։ Պարբերականն ընդգծած է, որ Հնդկաստանը դարձած է զէնքի վստահելի մատակարար Հայաստանի համար։

Նոր մատակարարումներու մասին մանրամասներ առայժմ չկան, սակայն, ինչպէս նշած է պարբերականը, հայ դիտորդները, որոնք ուզած են անանուն մնալ, ըսած են, որ  խմբաքանակը կրնայ ներառել սարքաւորումներ, որոնք զսպող միջոց կը հանդիսանան Ատրպէյճանի հետ բախումի իրավիճակին։

Հնդկաստանի կողմէ Հայաստանին մատակարարուած սպառազինութեան վերջին խմբաքանակը ներառած է Pinaka տեսակի բազմափողանի հրթիռային կայաններ, հակաթանկային միջոցներ, հրթիռներ եւ այլ զինամթերք։