image

Հնարաւոր էր խուսափիլ այս պատերազմէն. Արմէն Սարգսեան

Հնարաւոր էր խուսափիլ այս պատերազմէն. Արմէն Սարգսեան

 

Այս պատերազմէն կարելի էր խուսափիլ: Այս մասին РБК-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ հնարաւո՞ր էր խուսափիլ անցեալ տարուան Արցախեան պատերազմէն:

«Սա այն մաթեմաթիկական այն դասէն է, երբ խօսքը «եթէ»-ի մասին է, իսկ «եթէ»-ն մաթեմաթիկայի մէջ ռեքուրսիւ (recursive, ինքնիրք) գործառոյթ է, այն շատ բարդ է` եթէ ըլլար սա, իսկ եթէ նա... Բայց իրականութիւնն այն է, որ ինծի կը թուի՝ այդ հնարաւոր էր... Որովհետեւ 30 տարի, տարբեր ժամանակահատուածներուն ես զբաղուած եմ դիւանագիտութեամբ, հանդիպած եմ տարբեր երկիրներու ղեկավարներու հետ... Ինծի կը թուի, որ միշտ հնարաւոր է գտնել այդպիսի խնդիրներու լուծման ուղիներ առանց ռազմական գործողութիւններու: Ի վերջոյ, Ղարաբաղի պարագային, Ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն ետք գոյութիւն ունէր կազմակերպութիւն մը, որ կը զբաղուէր անով՝ ԵԱՀԿ ՄԽ-ն: Կար հաղորդակցման, երկխօսութեան մեխանիզմ եւ այլն: Բայց եթէ նայիք մեր կողմէ, խօսքը մեր սխալներու մասին է, ապա մենք նորէն հաւատացինք անոր, ինչին կ'ուզէինք: Մեզի կը թուէր, որ պատերազմն արդէն աւարտած է, հարցը արդէն լուծուած էր: Իսկ այն հեռու էր լուծում ստանալէ: Մանաւանդ, Ատրպէյճանն անընդհատ կը խօսէր ապագայ պատերազմի մասին: Որոշակի քայլեր ձեռնարկելու՝ Ղարաբաղի պաշտպանունակութիւնը ամրապնդելու, աւելի ժամանակակից ռազմական ենթակառուցուածք ստեղծելու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղը տնտեսապէս աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու փոխարէն...

Մէկ այլ դիտողութիւն կը վերաբերի ժամանակակից Հայաստանին: Ցաւօք, Հայաստանը, որպէս 21-րդ դարու երկիր, ինքն իրեն կը փնտռէր... Այսինքն՝ մէկ բան մը կը փորձէր, մէկ՝ այլ բան․․․ նախագահական ձեւը լաւ չէ, եկէք փորձենք մէկ այլ բան... Բայց այս պայմանականօրէն ըսած դեմոկրատական մթնոլորտին մէջ յայտնուեցաւ երկու Հայաստան, մէկը իրական Հայաստանն է, որուն մասին մենք կը խօսինք, որն այսօր ճգնաժամի մէջ է, երկրորդը վիրթուալ (virtual) է, այն հիմնուած է նոր արհեստագիտութիւններու վրայ: Երկու Հայաստանները ոչ մէկ կապ ունին իրար հետ:

Սա երկրորդ Հայաստանն է՝ սա հեռուստաշար է, այն չունի բարոյական սահմաններ, վարքագիծի կանոններ: Ան այնքան հագեցած է: Խնդիրն այն է, որ այս երկրորդ Հայաստանը կապուած է սփիւռքի հետ, որ վիրթուալ (virtual) սխալ Հայաստան կը տեսնէ»: