image

ՀՄԸՄի Երիտասարդական Բ. Համագումարը՝ Նիկոսիոյ մէջ (Լուսանկարներ)

ՀՄԸՄի Երիտասարդական Բ. Համագումարը՝ Նիկոսիոյ մէջ (Լուսանկարներ)

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վարչութեան, Ուրբաթ, 28 Ապրիլի կէսօրին, Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՄԸՄի Երիտասարդական Բ. համագումարը, որ կը միտի քննել միութեան սկաուտական եւ մարզական բնագաւառներուն մէջ գտնուող երիտասարդ ՀՄԸՄականներու (18-30 տարեկան) աշխատանքային նոր գործադաշտեր ստեղծելու կարելիութիւնները:

Համագումարը ընթացք առաւ բացման պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, գաղութի ազգային-կուսակցական եւ թեմական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ Երիտասարդական համագումարին 30 մասնակցողները:

Բացման հանդիսութեան խօսքեր արտասանեցին Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վարչութեան ատենապետ Սարհատ Տէմիրճեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան եւ կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան: Անոնք գնահատեցին երիտասարդութեան դերը եւ շեշտեցին ՀՄԸՄի երիտասարդական ծրագիրներուն անհրաժեշտութիւնը մեր իրականութեան մէջ: Իր խօսքին մէջ, ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վարչութեան ատենապետը նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄական երիտասարդները այսօր պատնէշի վրայ կանգնած՝ իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան։

 

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան ընդգծեց, որ այսօր, առաւել քան երբեք, կենսական է մեր երիտասարդութեան ներուժը պահպանել եւ աճեցնել, որպէսզի նորահաս սերունդի մեր տղաքը եւ աղջիկները դաստիարակուին՝ իբրեւ տիպար քաղաքացիներ եւ միութեան ճամբով ծառայող ուժ դառնան այն բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր կը գործեն անոնք:  ՀՄԸՄը կ՛առաջադրէ նաեւ պատրաստել վաղուան մեր պատասխանատուները եւ վարչականները, որոնք պիտի շարունակեն նախկիններուն գործը,  յայտնեց Վաչէ Նաճարեան:

Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան ողջունեց 105ամեայ, սակայն միշտ երիտասարդ ՀՄԸՄը, որ միշտ կը մնայ աշխուժ, կենսունակ եւ ազգային մեր պահանջատիրութեան առաջին գիծերուն վրայ: 

Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը ընդգրկեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:

Բացման պաշտօնական հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը: Ապա, համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան օրակարգին, ուր ՀՄԸՄը եւ երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական նիւթերով հանդէս եկան Վաչէ Նաճարեան, Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Գազանճեան: Բոլոր նիւթերուն յաջորդեցին զրոյց-քննարկումներ եւ տեսակէտներու փոխանակում:

Երեկոյեան, սեմինարին առաջին օրուան աւարտէն ետք, մասնակցողները այցելեցին ՀՄԸՄ-ՀԵՄի ակումբը, ապա հիւրընկալուեցան Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ:

Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերէն ետք, ՀՄԸՄի Երիտասարդական Բ. համագումարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց Նիկոսիոյ մէջ:

Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, Ուրբաթ, 28 Ապրիլի կէսօրին համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան աշխատանքներուն եւ տեսանիւթով լսեց վկայութիւնները երիտասարդական Ա. համագումարի (Աթէնք, Մայիս 2019) խումբ մը մասնակցողներու: Ապա համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ աշխատանքային յանձնախումբերը:

Այնուհետեւ, համագումարը լսեց երեք նիւթեր եւ կատարեց համապատասխան քննարկումներ.

«ՀՄԸՄի առաքելութիւնը երէկ եւ այսօր»՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան:

«Հայ երիտասարդութիւնը՝ իր տագնապներով եւ սպասումներով»՝ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան:

«ՀՄԸՄի կառուցային, կազմակերպական, դաստիարակչական, քարոզչական մօտեցումները որքանո՞վ կը պատշաճին մերօրեայ երիտասարդութեան ակնկալութեան»՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Գազանճեան:

Երիտասարդական համագումարին երկրորդ օրը յատկացուեցաւ ՀՄԸՄի երիտասարդական ծրագիրներու ներկայացման, արժեւորման ու քննարկման: Կատարուեցան աշխատանիստեր եւ ընդհանուր նիստեր: Նիւթերը ներկայացուցին.

«ՀՄԸՄի երիտասարդական գործունէութեան շրջագիծը. քննարկում երիտասարդական ուղեգիծի»՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան:

«ՀՄԸՄի երիտասարդական ուղեգիծը եւ նոր գործադաշտերու կարելիութիւնները»՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Վիգէն Աւագեան:

Յայտնենք, որ համագումարին երկրորդ օրը, մասնակցոներուն այցելեց եւ Կիպրոսի ու Կիպրոսի հայութեան մասին պատմական եւ այժմէական տեղեկութիւններ ներկայացուց Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան:

Աւարտին, համագումարին մասնակցողները ընտրեցին իրենց ներկայացուցիչները, որոնք երիտասարդութեան առաջարկները, ակնկալութիւնները եւ սպասումները պիտի փոխանցեն ՀՄԸՄի Պատգամաւորական Ժ. Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 2023ին, Հայաստանի մէջ: Համագումարին ներկայացուցիչները Ընդհանուր ժողովին պիտի մասնակցին խորհրդակցական ձայնով:

Շաբաթ, 29 Ապրիլի երեկոյեան, համագումարի աշխատանքներու աւարտէն ետք, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վարչական անդամներու գլխաւորութեամբ, մասնակցողները այցելեցին Թիմվօ՝ Կիպրոսի նահատակաց յուշակոթողը, ուր յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին 1974ին, Թուրքիոյ՝ Կիպրոս ներխուժման օրերուն նահատակուած Յունաստանի եւ Կիպրոսի յոյն զինուորներու յիշատակին: Կատարուեցաւ դափնեպսակի զետեղում եւ յունարէն խօսքի արտասանութիւն:

Նոյն օրը, երեկոյեան, ի պատիւ համագումարի մասնակցողներուն կազմակերպուած ՀՄԸՄ-ՀԵՄի ճաշկերոյթին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը անակնկալ մը հրամցուց ներկաներուն, երբ միութեան »Արտակարգ« շքանշանով պագեւատրեց Կիպրոսի պետական համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը՝ ՀՄԸՄի աշխատանքներուն իր մնայուն եւ սերտ աջակցութեան համար:

Կիրակի, 30 Ապրիլի կէսօրին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող քառանդամ պատուիրակութիւն մը բաղկացած ատենապետ Վաչէ Նաճարեանէ, անդամներ Վիգէն Աւագեանէ, Թալին Օրտողլեանէ եւ Օշին Փիրումեանէ՝ այցելեց Ազգային առաջնորդարանը եւ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի հետ:

Տեղի ունեցաւ երախտիքի եւ գնահատանքի յուշանուէրի յանձնում:

Ապա, Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վարչութիւնը եւ համագումարին մասնակցողները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանը, ուր ՀՄԸՄի անունով զետեղեցին ծաղկեպսակ մը: Համագումարին մասնակցողներուն կողմէ արտասանուեցաւ ոգեկոչական խօսք: