Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը «Նուպարաշէն» Քրէակատարողական հիմնարկէն գրառում կատարած է՝ տեղեկացնելով, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն։
«Ես չեմ պատրաստւում որեւէ կերպ մասնակցել մայրաքաղաքի իշխանութիւնների ընտրութիւններին: Նման մօտեցում ունի նաեւ իմ` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը»,- մասնաւորապէս, գրած է Աշոտեանը։
Յիշեցնենք՝ 3 օգոստոսէն սկսած են Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու առաջադրումները:
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 սեպտեմբերին: