image

ՀՀ որոշ մարզերու մէջ ձիւն կը տեղայ, Դիլիջանի ոլորանները դժուարանցանելի են

ՀՀ որոշ մարզերու մէջ ձիւն կը տեղայ, Դիլիջանի ոլորանները դժուարանցանելի են

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 1 Նոյեմբերի ժամը 08.30-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին ինքնաշարժի ճանապարհները անցանելի են: Դժուարանցանելի են Դիլիջանի ոլորանները:

Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին եւ Արագած գիւղին, Լոռիի մարզի Վանաձոր, Ստեփանաւան, Սպիտակ, Տաշիր, Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ, Ճամբարակ, Կոտայքի մարզի Հրազդան, Չարենցաւան, Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքներուն մէջ ձիւն կը տեղայ: Շիրակի մարզի մէջ կը տեղայ թոյլ ձիւն:

Կոտայքի մարզի Հրազդան, Չարենցաւան եւ Չայնիի ոլորաններուն , Գորիս-Կապան ինքնաշարժի ճանապարհին, Վայոց Ձորի մարզի Սարաւան եւ Ելփին գիւղերուն, Վարդենեաց լեռնանցքին, Տաւուշի մարզի Դիլիջան, Իջեւան, Բերդ, Նոյեմբերեան քաղաքներուն մէջ առկայ է մառախուղ: