Նախագահ Սերժ Սարգսեան 22-24 յունուարին աշխատանքային այց պիտի կատարէ Ֆրանսայի Հանրապետութիւն՝ Փարիզ եւ Սթրասպուրկ: Հանրապետութեան Նախագահը այցի ծիրէն ներս 22 եւ 23 յունուարին հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Սենատի նախագահ Ժերար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Ֆրանսուա տը Ռիւժիի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան պատգամաւորական խումբի անդամներուն հետ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները հանդիպման արդիւնքները պիտի ամփոփեն համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը:
Նախագահ Սարգսեան Փարիզի քաղաքապետարանէն ներս հանդիպում պիտի ունենայ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
24 Յունուարին, Սթրասպուրկի մէջ Հայաստանի Նախագահը պիտի մասնակցի Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռային նստաշրջանին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով եւ՝ պատասխանէ պատգամաւորներուն հետաքրքրող հարցերուն:
Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) նախագահ Կուիտօ Ռայմոնտիի, «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճաննի Պուքիքիոյի եւ ԵԽԽՎ նորընտիր նախագահի հետ: