Հայաստանի մէջ շատ կարեւոր բան տեղի ունեցած է, կառավարութեան նիստին այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
2023 թուականի յունուար-օգոստոս ամիսներուն ՀՀ-ի մէջ արձանագրուած է ծնելիութեան ամենաբարձր ցուցանիշը՝ վերջին 5 տարիներու համեմատ:
«Սա նաեւ ժողովրդագրութեան ոլորտում կառավարութեան վարած քաղաքականութեան արդիւնքն է, սա նաեւ առողջապահութեան ոլորտում ՀՀ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան արդիւնքն է, որովհետեւ մենք շատ լաւ ցուցանիշ ունենք` մեռելածինների թուաքականի էական նուազում ունենք», -ըսած է ան:
Փաշինեանի խօսքով` ՀՀ բնակչութիւնը յունուար-օգոստոսին աւելցած է 7 հազար 150-ով:
«Սա շատ կարեւոր ցուցանիշ է», - աւելցուցած է ան: