Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող RAA հիմնարկին Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի հիմնադրութեան 55ամեակին առիթով, օրերս, Լոս Անճելըսի «Տաղլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած է ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը, որուն ներկայ եղած են մօտաւորապէս 200 համակիրներ։
Ձեռնարկին պաշտօնական բաժինին բացումը կատարեց վարչութեան անդամ Գոհար Փելթըր, որ ապա բեմ հրաւիրեց հանդիսավարը՝ KTLA 5 News-ի յայտնի հաղորդավար Էլինա Աբովեանը, որ ձեռնհասօրէն վարեց տօնակատարութիւնը։
Օրհնութեան աղօթքը կատարեցին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Եղիա քհնյ. Եսայեան։
Այնուհետեւ, տօնակատարութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եւ վարչութեան անդամ Թալին Յարութիւնեան ու կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Այվի Մանուչարեան ողջունեցին ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։
Ապա ցուցադրուեցաւ կազմակերպութեան գործունէութեան մասին տեսանիւթ մը, որ պատրաստուած է Թալին Յարութիւնեանի եւ Լեւոն Շանթ Տէմիրճեանի կողմէ։
Իր կարգին, RAA հիմնարկի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի ատենապետ Ժորա Մանուչարեան տպաւորիչ ելոյթի մը ընթացքին շեշտեց հայկական յուշարձաններու պաշտպանութեան յոյժ կարեւորութիւնը, դրուատելով կազմակերպութեան անդամներուն աննկուն նուիրումը այս գործին։ Ապա ան յայտարարեց, թէ հաստատուած են երկու հիմնադրամներ՝ նեցուկ կանգնելու համար կազմակերպութեան գործունէութեան, շնորհիւ տէր եւ տիկին Տէնիըլ եւ Լուտմիլա Սահակեաններու եւ տէր եւ տիկին Արթուր եւ Լիլի Սերետեաններու նուիրատուութիւններուն։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ RAA հիմնարկի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի հիմնադիրներէն չորսին՝ Մարքօ Պրամպիլայի, Ռազմիկ Յարութիւնեանի, Արմէն Ճանեանի եւ հանգուցեալ Շահէն Յարութիւնեանի մեծարումը։
Ներկաները վայելեցին «Էլըն Ճի.»ի նուագախումբին կատարումները։
Ոչ-հասութաբեր RAA հիմնարկին նպատակը գիտական արշաւներու միջոցով պատմական Հայաստանի ամբողջ տարածքին եւ պատմական գաղթավայրերուն մէջ հայկական նիւթական մշակոյթի յուշարձանները փնտռելը եւ գտնելը, վաւերագրելը եւ ուսումնասիրելն է: Հիմնարկը ներկայիս կը հրատարակէ «Հայաստանի Պատմութիւն» 36 հատորներով վիթխարի շարքը։ 36 հատորներուն հրատարակութենէն ետք, Հայաստանի գաւառներուն եւ գիւղերուն ճարտարապետութեան նուիրուած այս իւրայատուկ շարքին կողքին հաւաքածոն միասնաբար պիտի ներկայացնէ Պատմական Հայաստանի քարտէսը։