Վերադարձնել հայաստանցի բոլոր ռազմագերիները` համաձայն զինադադարի մասին 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտին: Մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան մեխանիզմ հիմնել: Զերծ մնալ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները սրող յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ:
Հայաստանը նշանակալի յառաջընթաց ունեցած է ժողովրդավարութեան զարգացման գործին մէջ 2018-էն սկսեալ, միեւնոյն ժամանակ երկիրը բախած է շարք մը իրադարձութիւններու, որոնք լուրջ ազդեցութիւն թողած են անոր հիմնարկներու գործունէութեան վրայ` նշուած է Եւրոպայի խորհրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դատին ներկայացուելիք փաստաթուղթին մէջ:
Ֆինլանտան ու Շուէտը ներկայացնող պատգամաւորներուն հեղինակած` «Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութիւնը» անուամբ բանաձեւի նախագիծը եւ կից զեկոյցը կը փաստէ` Հայաստանը յաջողութեամբ դուրս եկաւ քաղաքական լուրջ ճգնաժամէն, որ սկիզբ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով:
«Ճգնաժամը հանգուցալուծուեցաւ 2021-ի Յունիսին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու միջոցով, որոնք կազմակերպուած էին ժողովրդավարական եղանակով` չնայած լրջօրէն բեւեռացուած միջավայրին», ըսուած է բանաձեւի նախագիծին մէջ:
Միաժամանակ, ԵԽԽՎ-ն իր ափսոսանքը կը յայտնէ այն քաղաքական մթնոլորտին վերաբերեալ, որու ներքոյ կայացան 2021-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները` ծայրայեղ բեւեռացուածութիւն եւ ընտրութիւններու հիմնական մասնակիցներուն միջեւ սուր հռետորաբանութիւն: ԵԽԽՎ-ն կոչ կ'ընէ հայաստանեան քաղաքական ուժերուն՝ փոխելու նման քաղաքական մշակոյթը:
Յաջորդ մեծ հատուածը կը վերաբերի ղարաբաղեան հակամարտութեան, որու վերաբերեալ փաստաթուղթը կոչ կ'ընէ հասնելու «լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար եւ կայուն հանգուցալուծման` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ»: ԵԽԽՎ բանաձեւին նախագիծը կը պահանջէ վերադարձնել հայաստանցի բոլոր ռազմագերիները` համաձայն զինադադարի մասին 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտին: Մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան մեխանիզմ հիմնել: Զերծ մնալ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները սրող յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ: Հայաստանին կոչ կը կատարուի յանձնել ականապատ դաշտերու բոլոր քարտէզները: