Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Նաժիպ Միքաթիին ազգային տօնի՝ Անկախութեան օրուան առթիւ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան ու հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ Ձեզ եւ Լիբանանի եղբայրական ժողովրդին՝ Լիբանանի Հանրապետութեան ազգային տօնի՝ Անկախութեան օրուայ առթիւ:
Հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները բնորոշւում են մեր ժողովուրդների բարեկամական պատմական կապերով, քաղաքակրթական ընդհանրութիւններով եւ դժուարին պահերին փոխադարձ աջակցութեան աւանդոյթներով: Հայաստանը կանգնած է Լիբանանի կողքին այս մարտահրաւէրներով լի շրջանում, եւ լիայոյս եմ, որ Լիբանանի ժողովուրդը մօտ ապագայում կը յաղթահարի առկայ դժուարութիւններն ու կը վերագտնի կայունութեան եւ զարգացման ուղին:
Հայաստանը մեծապէս կարեւորում է Լիբանանի հետ յարաբերութիւնների առկայ բարձր մակարդակն ու պատրաստակամ է ընդլայնելու փոխգործակցութիւնը երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներում։
Մաղթում եմ Ձեզ քաջառողջութիւն եւ ամենայն յաջողութիւն, իսկ Լիբանանի բարեկամ ժողովրդին` հարատեւ կայունութիւն եւ բարօրութիւն։
Ընդունէք խնդրեմ, Ձերդ գերազանցութիւն, խորին յարգանքիս հաւաստիքը»: