Հայաստանը եւ Թուրքիան որոշած են յաջորդ հանդիպումը կայացնել յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, ամսաթիւն ու վայրը պիտի համաձայնեցուին։
Այս մասին ըսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Թուրքիոյ բանագնաց Սերտար Քըլըչը։
«Հանդիպում պիտի ըլլայ, մենք որոշում կայացուցած ենք, պիտի որոշենք օրը եւ վայրը»,-ըսած է Քըլըչը։
Յիշեցնենք, որ երէկ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Թուրքիոյ բանագնաց Սերտար Քըլըչը Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանին առաջարկած էր յաջորդ շաբաթ գալ Երեւան։