image

Հայաստանը դաշնակից ունի՞. Գրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան

Հայաստանը դաշնակից ունի՞. Գրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան

Ներկայ բարդ եւ աննախատեսելի աշխարհաքաղաքական եւ տարածքաշրջանային վտանգաւոր զարգացումներու լոյսին տակ, Հայաստանը եւ Արցախը կը դիմագրաւեն գոյութենական եւ նոյնիսկ ինքնիշխանութեան կորուստի սպառնալիքներ։ Դժբախտաբար, Հայաստանը որպէս տարածքաշրջանային երկիր չէ կրցած եւ տակաւին չ՚ունի քաղաքական գործընթացներու վրայ ազդելու հեղինակային գործիքակազմ ՝ մրցունակ դիւանագիտական անձնակազմ,  բանակի արդիական սպառազինութիւն եւ ռազմավարական հայեցակարգ։Այս պատճառներով է որ յաճախ միջազգային տարբեր քաղաքական հարթակներուն մէջ, տեղի կ՚ ունենան բանակցութիւններ, ուր  կ՚ որոշուի Հայաստանի ճակատագիրը առանց իր մասնակցութեան։

         Բնականաբար վերոյիշեալ քաղաքական գործընթացներու ելքը մեծ իմաստով նաեւ կախում ունին ներկայ անկայուն աշխարհաքաղաքական իրավիճակներէն, մասնաւորաբար ռուս-ուքրանական պատերազմէն։ Ներկայ քաղաքական թէ դիւանագիտական աշխուժութիւնը Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պայմանաւորուած է միջազգային տարբեր ոյժային կեդրոններու ՝ Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Եւրո-Միութիւն, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանի կարեւոր դերակատարներ Թուրքիոյ եւ Իրանի աշխոյժ մասնակցութեամբ եւ  վերոնշեալ կեդրոններու պետական թէ աշխարհա- ռազմավարական նպատակներու կամ շահերու բախումներէն։ Այստեղ առանցքային կարեւորութիւն կամ պատրուակ կը հանդիսանան մի քանի բարդ եւ անլուծելի գերխնդիրներ, գոնէ առայժմս, որոնցմէ գլխաւորներն են ՝

Արցախի հարց, Զանգեզուրի հարց, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթաց, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորում (տարածքաշրջանի հաղորդակցական ուղղիներու ապաշրջափակում, սահմանազատում եւ սահմանագծում, համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիր)։

         Այժմ տեսնենք թէ իւրաքանչիւր ուժային կեդրոն ինչպիսի մօտեցում կը ցուցաբերէ եւ  քաղաքական ինչ նպատակ կը հետապնդէ առկայ վերեւը նշուած գերխնդիրներու առնչութեամբ։

         Ա) Ռուսաստան։

             ------------------

             Անհերքելի է այն իրողութիւնը, որ Ռուսաստան գերակշռող ռազմա-քաղաքական եւ տնտեսական ներկայութիւն է հարաւային Կովկասի մէջ։ Արցախի մէջ այսօր իրողապէս ներկայ են ռուս խաղաղապահներ, որոնք ներկայիս անվտանգութեան երաշխաւորն են արցախահայութեան։ Բնականաբար, Ռուսաստան Արցախ մուտք գործեց նաե՚ ւ իր շահերէն ելլելով։ Դժբախտաբար այս «խաղաղապահներու» ներկայութեամբ շատ յաճախ եղան ոտնձգութիւններ ընդհուպ Փառուխի եւ Քարագլուխի գրաւումները։ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով, 2020 Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի պայմանագիրի յուրաքանչիւր կէտ մտայղացուած եւ արձանագրուած էր Ռուսաստանի պետական վարչամեքենային կողմէ, յանձինս նախագահի։ Այստեղ առաջ կու գայ հետեւեալ տրամաբանական հարցադրումը թէ հրադադարի 9-րդ կէտը ՝ տարածքաշրջանի հաղորդուղիներու ապաշրջափակումը ի՞նչ կապ ունի Արցախի հարցի հետ։

 Նշեալ հրադադարի պայմանագիրը վերջ կը դնէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահութեան առաքելութեան, այսպիսով նաեւ Արեւմուտքի ազդեցութեան նուազեցման Հարաւային Կովկասի մէջ։  Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ բազմիցս յայտարարած են որ «Արցախը Ատրրպէյճանի անբաժանելի մաս է»։ Վերջերս Ռուսաստանի պետական լրատու գործակալութեան ՝ ԹԱՍՍ-ի փոխ տնօրէն Միխաիլ Կուսման հրապարակայնօրէն յայտարարեց որ «Ղարաբաղը պատմականօրէն Ատրպէյճան է»։ Բոլորովին պատահական չէ որ Ռուսաստան Արցախի կարգավիճակի հարցը միշտ ապագայի բանակցութիւններուն թողած է, քանի որ եթէ ներկայիս բանակցութիւններու արդիւնքով  Արցախի հարցը ինչ որ լուծումի հանգի, ապա ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը Արցախի մէջ անիմաստ եւ անընդունելի պիտի նկատուի Ատրպէյճանի կողմէ։

        Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»ին, նոյն 9 Նոյեմբերի հրադադարի տրամադրութեան համաձայն, ապա այնտեղ երբեք չէ յիշուած  Զանգեզուր բառը, այլ ըսուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապի հաստատում»։ Մեր կարծիքով «Զանգեզուրի միջանցք» հասկացողութիւնը ռուս-թուրքական ծրագիր է Հայաստանը մեկուսացնելու Իրանէն եւ Իրանը մեկուսացնելու Եւրոպական շուկաներէն որոնց կապն է Հայաստանը եւ Վրաստանը։ «Զանգեզուրի միջանցքը» նաեւ միջոց է  որպէսզի Ռուսաստանը միջազգային պատժամիջոցներու եւ շրջափակումի պայմաններուն ունենայ այլընտրանքային ճանապարհ Թուրքիոյ միջոցով դեպի Եւրոպական շուկաներ։

       Հայ-Թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման իմաստով, Ռուսաստան միշտ «ջատագով» եղած է յարաբերութիւններու բարելաւման եւ սահմաններու բացման, բայց այստեղ դարձեալ կարեւոր հարցադրում մը, եթէ հայ-թուրքական բանակցութիւններու արդիւնքով բացուին սահմանները եւ իրականացուին դիւանագիտական յարաբերութիւններ երկու երկիրներու միջեւ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ռուս սահմանապահներու եւ 102-րդ ռազմախարիսխի ճակատագիրը։

     Ներկայիս Հայ-Ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ բանակցութիւնները շատ բարդ, կնճռոտ եւ բազմաշերտ պատկեր մը կը ներկայացնեն, նկատի ունենալով տարածքաշրջանի հաղորդուղիներու ապաշրջափակումը, սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը։ Դժբախտաբար Ռուսաստանի դերակատարութեամբ եւ Նոյեմբեր 9-ի պայմանագիրով Արցախա-Ատրպէյճանական հակամարտութիւնը վերածուեցաւ Հայ-Ատրպէյճանական տարածքային վէճի։ Երբ Ատրպէյճան 2021 Մայիսին ներխուժեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ Սիւնիք ՝ Գորիս-Կապան-Ճակատեն եւ Գեղարքունիք ՝ Սոթք-Խոզնավար։ Ռուսաստան անհասկնալի կրաւորական վերաբերմունք ցուցաբերեց այս ոտնձգութիւններուն նկատմամբ, հակառակ որ Հայաստան երկկողմ դաշնակցային ռազմավարական յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի հետ եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ է։ Իսկ այս տարուայ Փետրուարին Ռուսաստան ռազմավարական դաշնակցութեան պայմանագիր ստորագրեց Ատրպէյճանի հետ, իսկ վերջերս Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ղեկավարը համագործակցութեան պայմանագիր կնքեց իր ազերի գործընկերոջ հետ ՝ «տարածքներու ամբողջականութեան ճանաչման,  հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակման եւ անջատողական շարժումներու դէմ միասնական պայքարի» մասին։ Ինչպէս կ՚ ըսեն այստեղ մեկնաբանութիւնները աւելորդ են։

      Միացեալ Նահանգներ։

    -----------------------------

     Առիթէն օգտուելով ռուս-ուքրանական պատերազմի պատճառով Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած պատեհ առիթէն եւ նպատակ ունենալով Ռուսաստանի ազդեցութիւնը տկարացնելու տարածքաշրջանին մէջ, Միացեալ Նահանգներ սկսաւ աննախընթաց քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխուժութիւն ցուցաբերել այս տարածքաշրջանին մէջ։ Հայ-Թուրքական բանակցութիւններու վերսկսումը նախագահ Պայտընի նախաձեռնութիւնն էր։ Հակառակ որ Ռուսաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբը Լաւրովի բեռնով «մեռած կառոյց» մը նկատած էր, Միացեալ Նահանգներ բազմիցս յայտարարեց որ ան պատրաստ է Մինսքի Խումբի միջոցով միջնորդելու Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին, նոյնիսկ Պետքարտուղարութեան առաջին տեղակալը հրաւիրեց Ռուսաստանը որպէսզի Մինսքի Համանախագահութեան ներքոյ շարունակուին բանակցութիւնները, սակայն այդ առաջարկը մերժուեցաւ Ռուսաստանի կողմէ։ Արեւմուտքը կամ Միացեալ Նահանգները առ ի գիտութիւն ընդունած են 9 Նոյենբերի հրադադարի պայմանագիրը եւ զայն պաշտօնապէս չեն ճանչցած։

      Հայաստանի ԱՄՆ-ի դեսպանի յաճախակի այցելութիւնները Սիւնիք, կը վկայեն թէ Զանգեզուրը ինչպիսի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու համար եւ թէ այն ինչպիսի ռազմավարական նշանակութիւն ունի գերտերութիւններու եւ շրջանային կարեւոր ուժերուն համար, թէ ուժանիւթի խողովակաշարերու, թէ ճանապարհային ուղղիներու կամ երկաթգիծի ՝  որպէս ռազմավարական ենթակառուցվածքներ։ Պատահական չէր նաեւ եւ կարելի է ըսել որ աննախընթաց երեւոյթ էր Ամերիկայի Կեդրոնական Հետախուզութեան պետին այցը Հայաստան։

      Միացեալ Նահանգները եւ Եւրո-Միութիւնը  ունին բարեկամական  յարաբերութիւններ Ատրպէյճանի հետ։ Ռուսական բնական կազը շրջանցելու նպատակով, վերջերս Եւրո-Միութիւնը Ատրպէյճանական ոյժանիւթի փոխադրման դեպի Եւրոպա,  համաձայնագիր կնքեց։ Սա մէկ անգամ եւս կը հաստատէ այն իրողութիւնը որ իրական քաղաքականութիւնը միշտ գերադասուած է մարդկային եւ ժողովրդավարական արժէքներէն։

 

(շար. 1)

 

Գէորգ Հալէպլեան 

 «Պայքար»